Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը ուսումնասիրած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացած նիւթ մը` Արցախի Հանրապետութեան հետ համագործակցող արտասահմանեան ընկերութիւններու մասին, եւ այդ նիւթին հիման վրայ դատ բացած է այդ ընկերութիւններուն դէմ։ Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական կայքը:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Զուիցերիայէն, Պուլկարիայէն, Ուրուկուէյէն, Արժանթինէն, Ռումանիայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ զանազան ընկերութիւններու ղեկավարներ, 1999-2017 թուականներուն ընկերութիւններ հիմնած են շարք մը քաղաքներու ու բնակավայրերու մէջ, առանց արձանագրուելու Ատրպէյճանի օրէնսդրութեամբ նախատեսուած պետական մարմիններուն մօտ:
Արդարեւ, «Հայք Ուոչ էնտ Ճեուելըրի Քօ.» (Զուիցերիա), «Ռոտինա Հասքսվօ Ժիք» (Պուլկարիա), «Սենթրէօ Սէյպալ» (Ուրուկուէյ), «Տեքքան Կոլտ Մայնզ Էլ. Թի. Տի.» (Արժանթին) եւ «Քոսմոթ Ռոմանիըն Մոպայլ Թելեքոմիւնիքէյշընզ Էս. Էյ.» (Ռումանիա) ընկերութիւնները կ՛ամբաստանուին իրենց գործունէութեամբ Ատրպէյճանին «մեծ վնաս հասցնելու» յանցանքով: Նշեալ ընկերութիւնները նաեւ կ՛ամբաստանուին «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու ուղղուած գործողութիւններ իրականացնելու» յանցանքով: