Արա Սարաֆեան կը ներկայացնէ Հենրի Մորկընթաուի եւ Լուիս Այնշթայնի ծանրակշիռ դերերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ

Երեքշաբթի, Փետրուար 16-ին, պատմաբան Արա Սարաֆեան այցելեց «Ապրիլ» գրատունը, ներկայացնելու համար ամերիկացի պաշտօնեաներ Հենրի Մորկընթաուի եւ Լուիս Այնշթայնի ծանրակշիռ դերերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ: Այս մասին կը գրէ Լենա Վասիլեան։

Իբրեւ ներածական, ներկաները տեղեկացան, թէ Հենրի Մորկընթաու 1913-1916 գործած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Պոլսոյ մօտ, իսկ Լուիս Այնշթայն՝ իբրեւ ամերիկացի դիւանագէտ: Իբրեւ հետեւանք, երկուքն ալ ոչ միայն ականատես եղած են հայոց հանդէպ կատարուծ վայրագութիւններուն, այլ բոլոր պատահարները խորապէս նկարագրած, վերլուծած եւ վաւերագրած են իրենց ամէնօրեայ օրագրութիւններուն մէջ:

Ապա ներկաները տեղեկացան, թէ 1917-ին, Լուիս Այնշթայն դիտմամբ հրատարակած է յիշատակագիր մը, որ ամբողջովին հիմնուած էր իր ամէնօրեայ օրագիրին վրայ, այն միտումով, որ աշխարհը տեղեկանայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Նմանապէս 1918-ին, Հենրի Մորկընթաու հրատարակած է յիշատակագիր մը, որուն մէջ ան ծանրապէս նկարագրած է հայոց ջարդին եւ աքսորին պատահարները:

Արա Սարաֆեան բացատրեց, թէ Հենրի Մորկընթաուի յիշատակագիրը գրուած է ժողովրդական ոճով, «World՛s Work» օրաթերթին մէջ: 1918-ին Միացեալ Նահանգները պատերազմի մէջ ըլլալով Թուրքոյ հետ, Հենրի Մորկընթաու իր յիշատակագիրը կը հրատարակէ «World՛s Work» օրաթերթի տպագրական խումբին օգնութեամբ. այնուհետեւ, մեծ թիւով թուրք մտաւորականներ վարկաբեկած են յիշատակագիրը՝ պնդելով, որ այդ գործը քարոզչութիւն մըն է եւ ոչ թէ սոսկ վստահելի պատմագրական ապացոյց:

Բացատրելով, թէ Հենրի Մորկընթաուի յիշատակագիրը գրեթէ ամբողջովին հիմնուած էր իր առօրեայ օրագրութեան վրայ եւ թէ գործին ամբողջ պարունակութիւնը կարելի է կապել նախնական աղբիւրներու, Սարաֆեան փակեց իր ներկայացումը բացատրելով, որ թուրք մտաւորականները խաւարած են Հենրի Մորկընթաուի յիշատակագիրին կարեւորութիւնը՝ զայն սխալօրէն քարոզչութիւն համարելով: Սարաֆեան ապա քաջալերեց հայերը, որ ուսումնասիրեն այդ նիւթը, որպէսզի կարենան արժեւորել գործը: