Դեկտեմբեր 4-ին տեղի ունեցած էր երկու յաջորդական շաբաթավերջերու Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայ Բեմ» թատերախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքին եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Օրուան աստղն էր բեմի ճարտար մենակատար, միջազգային համբաւի տիրացած Արթուր Էլպաքեան, որ ներկայացուցած էր «Իմ խելառ Շէյքսփիրը»: Այդ եզրափակիչ ներկայացումը կը միտէր նաեւ մեծարել մեծ արուեստագէտ արձանագործ՝ Արթօ Չաքշաքճեանին ու իր միջազգային համբաւին: Նոյն օրը Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը վաստակաշատ Արթօ Չաքմաքճեանը կը գնահատէր Պատուոյ Փլաքով մը: Մեծարեալը իր կարգին կը խոստանար ԹՄՄ-ի նուիրել իր ստեղծագործութիւններէն մին որպէս գնահատանք երկարամեայ սերտ գործակցութեան եւ հայ մշակոյթի պանծացման:
Դեկտեմբեր 19-ին Արթօ Չաքմաքճեան իր արուեստի աշխատանոցին մէջ ընդունեց ԹՄՄ-ի ատենապետ Արթօ Մանուկեանին եւ անոր յանձնեց իր բազմարժէք ստեղծագործութիւններէն «Համբոյրը» արձանը, եւ այսպէսով ճոխացուցած կ’ըլլար իր ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ: