Հայկական շուկայ մուտք գործող «Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը մտադիր է կանոնաւոր չուերթներ իրականացնել Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներ, Թեհրան, Տուպայ, Պրահայ, Թել Աւիվ, Քիեւ, Մինսկ, Պարսելոնա, Լոնտոն: Այս մասին Երեւանի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ընկերութեան բաժնետէր Թամազ Գաիաշվիլին: Անոր խօսքով` առաջին կանոնաւոր չուերթը պիտի մեկնարկէ Ապրիլ 21-ին Մոսկուա, Թել Աւիվ ուղղութիւններով, ապա թռիչքներու աշխարահագրութիւնը պիտի ընդլայնուի:
«Օդանաւային ընկերութիւնը իր աշխատանքները պիտի կազմակերպէ այնպէս, որ Հայաստանի բնակչութիւնը գոհ ըլլայ, գիներն ալ շատ բարձր չըլլան: Մենք կը ձգտինք ցած գիներ ապահովել այն մարդոց համար, որոնք ատոր կարիքը ունին»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած է Թամազ Գաիաշվիլին:
Ընկերութեան հայ բաժնետէր Ռոպերթ Յովհաննիսեանի խօսքով` «Արմենիա» ընկերութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ հայ օդաչուներուն ու տեխնիկական անձնակազմի աշխատակիցներուն, որոնք ներկայիս կ՛աշխատին արտասահմանի մէջ, վերադառնալ Հայաստան, ու աշխատիլ իրենց ընկերութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի գիներու քաղաքականութեան, ապա Ռոպերթ Յովհաննիսեանի հաւաստումով` գիները պիտի ըլլան այնպէս, որ ՀՀ քաղաքացիները առանց խնդիրի գնեն տոմսեր ու թռչին տարբեր ուղղութիւններով:
Աւելի առաջ ընկերութիւնը յայտնած էր, որ կը պատրաստուի 49 տոլարով չուերթներ իրականացնել Երեւանէն Եւրոպա, ԱՊՀ երկիրներ: Լրագրողի այն դիտարկումին ի պատասխան, որ այս արժէքի մէջ ներառուած չեն հարկերը` Թամազ Գաիաշվիլին նկատեց, որ այդ տոմսերը պէտք է գնել երկու ամիս առաջ, անոնք ետ պիտի չվերադարձուին, բացի այդ` արժէքին մէջ ներառուած պիտի չըլլան օդանաւակայանի ծառայութիւններու մատուցման գինը: Ռոպերթ Յովհաննիսեանի խօսքով ալ` օդակայանի հարկի աւելացման պարագային նշեալ տոմսը պիտի արժէ մօտ 100 եւրօ:
Բաժնետէրերը տեղեկացուցին նաեւ, որ օդանաւային ընկերութիւնը մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսէ շահագործել ութ օդանաւ: «Ապրիլի սկզբին պիտի ունենանք երեք օդանաւ, Յունիս-Յուլիսին եւս երկու, տարուան վերջը մօտ ութ օդանաւ»,- ըսած է Թամազ Գաիաշվիլին:
Ընկերութեան բաժնետոմսերուն 51 տոկոսը կը պատկանի Աշոտ Թորոսեանին, 25 տոկոսը` Ռոպերթ Յովհաննիսեանին, իսկ 24 տոկոսը` Թամազ Գաիաշվիլիին: