Նախաձեռնութեամբ Թորոնթոյի «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան եւ մասնակցութեամբ Պոլսահայ Մշակութային Միութեան, Թորոնթոհայ ծանօթ ազգայիններէն, ազգային-եկեղեցական գիտելիքներու եւ հայոց պատմութեան լայնածաւալ ծանօթութիւն ունեցող, Պրն. Արմէն Քիւրքճեանի «Իսլամաց(ու)ած Հայեր» նորատիպ հատորին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2015ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ մշակութասէր ու գրասէր հասարակութեան մը:
Հեղինակը՝ Արմէն Քիւրքճեանի, ծնած է Պոլսոյ ասիական ափի արուարձաններէն Քաղկեդոն գիւղաքաղաքը (այժմ Գատըգիւղ) յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը եւ «Նոր Դպրոց» վարժարանը, աշակերտելով մեծանուն դաստիարակ, վարժարանի հիմնադիր-տնօրէն Յովհաննէս Թ. Հինդլեանի: Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Վիեննական Մխիթարեաններու Պոլսոյ վարժարանէն ներս: 1960ին ամուսնացած է Սիլվա Դաւիթեանի հետ եւ բախտաւորուած են երկու զաւակներով Արիս եւ Արփի:
1968-ին ընտանեօք գաղթած է Գանատա ու հաստատուած Թորոնթօ: Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամ ընտրուած է, ուր ստանձնած է տարբեր պաշտօններ (ատենադպիր, փոխ-ատենապետ եւ ատենապետ): Հայոց պատմութիւն դասաւանդած է Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ Վարժարանէն ներս: Գործօն մասնակցութիւնը բերած է Ս. Խաչ Ազգ. Ամենօրեայ Վարժարանի հիմնադրութեան աշխատանքներուն ու շրջան մըն ալ եղած է վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ: Չորս տարիներ գլխաւորած է գանատական կառավարութեան մօտ հայկական հարցեր հետապնդող Հայ Համաշխարհային Ընկերակցութեան (Armenian World Alliance) :Թորոնթոյի մասնաճիւղը: Հրատարակած է երկու գիրքեր: 2004ին «Հայոց Մեծ Հայքի Պատմական Մայրաքաղաքները» եւ 2012-ին «Համառօտ Պատմութիւն Հայ Հնատիպ Տպագրութեան», որ հրատարակուած էր հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին առթիւ: Պատմական ու քաղաքական դէպքերու կապակցութեամբ իր յօդուածները հրատարակուած են սփիւռքահայ թերթերու, նաեւ համացանցային կայքէջերու մէջ:
Հանդիսավարուհի Տիկ. Նուրիձա Թոքճեան յանուն կազմակերպիչ մարմնին, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ապա հրաւիրեց գաղութիս ծանօթ մտաւորական դէմքերէն ու կրթական մշակ Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեանը՝ ներկայացնելու համար հատորը:
Պրն. Չիլինկիրեան իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ մէջբերումով. «Հեղինակը իր մտածումները մեղրահամ հայերէնով կը փոխանցէ թուղթին, արժանանալով ընթերցողին գնահատանքին: Գիրքը ձեռքը առնող անձ մը առաջին իսկ ակնարկով ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ վերնագրին առաջին բառին մէջ «ո» եւ «ւ» տառերուն փակագիծով մը պաշտպանուած ըլլալու հանգամանքին: Արդարեւ, հեղինակը արդէն իսկ իմաստուն մէկ կարգադրութեամբ կը յաջողի ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւել, մտածել տալով թէ այդ մէկ բառ երեւցողը իրականութեան մէջ երկու բառերու՝ իսլամացած եւ իսլամացուած, այս հատորին լոյս աշխարհ գալուն բուն իսկ մղիչ ուժն է»:
Պրն. Չիլինկիրեան ըսաւ թէ «ինծի սահմանուած կարճ ժամանակին մէջ պիտի ջանամ հպանցիկ ակնարկով մը անդրադառնալ իսլամացած հայեր, որբահաւաք, հայանպաստ գործունէութիւններ, Համշէն եւ ո՞վ կարելի է հայ նկատել նիւթերուն: 284 էջերով ծաւալուն այս գիրքը հեղինակին երրորդ հրատարակած աշխատութիւնն է, որուն համար ան օգտագործած է երեսնեակ մը հայ եւ օտար աղբիւրներ»:
Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեանի գրախօսական ելոյլթը ծափողջոյններով գնահատուեցաւ ներկաներու կողմէ: Գեղեցիկ սովորութիւն էր երբ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, մանաւանդ գիւղացիները իրենց այգիին, պարտէզին դաշտին հունձքին երախայրիքը կը նուիրաբերէին եկեղեցւոյ, եւ անոր կենդանի մէկ օրինակն է որ բարեբախտաբար մինչեւ այսօր կը շարունակուի Աստուածածնայ տօնին օրը՝ խաղողի նուիրաբերումով: Խաղողէն գինին կը պատրաստուի, իսկ գինին կը ներկայացնէ Քրիստոսի արիւնը եւ նաեւ առաջին հրաշագործութիւնը Յիսուսի, երբ Կանայի հարսնիքին ջուրը գինիի փոխեց: Գինեձօնը հայկական սիրուն եւ իմաստալից արարողութիւն մըն է, ուր հեղինակի մը հրատարկած գիրքին օրինակը կ’օծուի գինիով հոգեւորականի մը կողմէ:
Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան օրհնեց հեղինակն ու իր տիկինը եւ ապա հայկական գինիով կատարեց գինեձօնի արարողութիւնը:
Հեղինակը՝ Արմէն Քիւրքճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «…ես ալ մեր Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, որպէս իր ընտանիքին անդամները ջարդուած, տարագրուած, չարչարուած անձի մը զաւակ, փափաքեցայ մեր յիշողութիւնները թարմացնել: Անցեալը պիտի յիշենք իր դառնութիւններով ու ցաւերով, բայց ոչ թէ վրէժխնդրութեան ու վրիժառութեան զգացումները սրելու մտօք, այլ անցեալի սխալները չկրկնելու իմաստութեամբ»:
Պրն. Քիւրքճեան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան ու կարգադիր յանձնախումբին, նաեւ Պոլսահայ Մշակութային Միութեան, որ ընդառաջելով իր թելադրանքին՝ մասնակից եղաւ գինեձօնին, ինչպէս նաեւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանային, որ բարեհաճեցաւ կատարել գինեձօնի արարողութիւնը: Շնորհակալութիւն յայտնեց «Նոր Սերունդ»-ի տիկիններուն, որոնք այս երեկոյթի հիւրասիրութիւնը պատրաստած էին, նաեւ Պրն. Պետրոս Գոգորեանին, որ տրամադրած էր հայկական գինին: Յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեանին, որ կարճ ժամանակի մէջ գիրքը կարդալէ յետոյ, բծախնդիր ու խնամեալ աշխատանք մը տարած էր:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ անուշեղէններով, ապա հեղինակը գիրքէն օրինակներ մակագրեց ներկաներուն: Հեղինակին փափաքին համաձայն, գիրքի վաճառքէն գոյացած գումարը յատկացուեցաւ «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան: