«Արուեստ եւ Յիշողութիւն» Գանատահայ Արուեստագէտներու Գեղանկարներու Ցուցահանդէս

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած եւ յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկներուն առաջին հանգրուանը, կազմակերպութեամբ Օնթարիոյի մարմնի, Մայիս 2015-ի վերջաւորութեան իր գագաթնակէտին հասաւ, հարիւրամեակի յանձնախումբը կը հաւատայ, որ յառաջիկայ ձեռնարկներն ալ նոյնքան յաջողութեամբ պիտի պսակուին, որուն առաջինն էր «Արուեստ եւ Յիշողութիւն» (Art & Memory) Գանատահայ Արուեստագէտներու (Թորոնթօ, Մոնթրէալ) Գեղանկարներու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի Սեպտեմբեր 24, 2015-ին «Արթա» ցուցասրահին մէջ երեկոյեան ժամը 7-ին, ի ներկայութեան հրաւիրեալ, հոգեւոր հայրերու, Թորոնթոյի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:

Ներկայ արուեստասէր երկու հարիւրի մօտ, հասարակութիւնը հիւրասիրուեցաւ գինիով եւ ուտեստեղէններով, որմէ վերջ հարիւրամեակի Թորոնթոյի կազմակերպիչ յանձնախումբի Ատենապետ Պրն. Գրիգոր Շիթիլեան կատարեց բացման խօսքը: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ըսաւ թէ «.-այսօր եւ յատկապէս այս ձեռնարկը յատուկ նշանակութիւն ունի Օնթարիոյի հայ գաղութներուն համար: Այս ցուցադրութեամբ կ’ուզեն յաւերժացնել յիշատակը մեր անհամար Արուեստագէտներու, որոնք Ցեղասպանութեան զոհ գացին հարիւր տարի առաջ», Պրն. Գրիգոր Շիթիլեան իր խօսքը փակեց ըսելով «.- յանձնախումբի անունով կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել պատւոյ հիւրերուն, շնորհաւորել մեր գաղութի ղեկավար մարմինները, Եկեղեցիներն ու Միութիւնները իրենց անսակարգ աջակցութեան համար, բոլոր յանձնախումբերու անդամները, ինչպէս նաեւ ժիւրիի անդամներուն եւ մեր սիրելի արուեստագէտներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ մեր անհամար արուեստի ստեղծագործները վերակենդանացնել եւ վերապրել…»:

Շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկաւ Մշակութային ենթայանձնախումբի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Հուրի Նաճարեան, որ իր խօսքերուն մէջ ըսաւ. «…Սրտի անհուն հրճուանքով կ’ողջունենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձօնուած «Արուեստ եւ Յիշողութիւն» ցուցահանդէսը, որը շուրջ մէկուկէս տարի առաջ նախաձեռնուած տեսլական այս ծրագիրը արդէն իրականութիւն է… մեր աչքի առջեւ կը պարզուին 32 Գանատահայ Արուեստագէտներու շուրջ 50 կտորներ, որոնք մտայղացումն են 2-րդ – 3-րդ վերապրողներու սերունդի յիշողութեան շղթային որը փոխանձուած է, գրաւոր, բանաւոր նոյնիսկ լռութեամբ…Կորսնցուցինք այն յօրինող միտքը, տարրը որ պիտի ստեղծագործէր, գալիք սերունդը պիտի դաստիարակէր. այս պարագային՝ արուեստի բոլոր բնագաւառներէն ներս, գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն, ճարտարագիտութիւն, գրականութիւն, թատերգութիւն եւ երաժշտութիւն…» խօսքերը վերջացուց ըսելով. «մեր յատուկ շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը կ’ուղղենք բոլոր մասնակցող Գանատահայ արուեստագէտներուն, որոնց գործերը պիտի ըմբոշխնենք այսօր, թող որ ըլլան՝ խունկ ու մոմ մեր անմեղ զոհերու յիշատակին, որոնք այսօր սուրբեր են արդէն… Ազգերու մեծութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ, իրենց թիւով կամ ուժով չէ որ կը գնահատուի, այլ բարձր արուեստով:

Հայ Ազգն ալ այդ ազգերէն մէկն է, թէեւ քիչ է թիւով, սակայն հարուստ է իր մշակութային ժառանգութեամբ. Թող որ յարատեւօրէն բարգաւաճի եւ զարգանայ Հայ Մշակոյթն ու Արուեստը…»:

12OCT MADAT112OCT MADAT3

Անգլերէն լեզուով բարի գալստեան եւ շնորհակալական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ, ցուցահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբի Ատենապետ Պրն. Վաչէ Իսքէճեան, ան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմնի անդամ-անդամուհիներուն, արուեստագէտներուն, ժիւրիի անդամներուն, Քէն Գարբէնթըրի, Պարպարա Միչըլի եւ Գաթրին Փայքի որոնք բծախնդրօրէն կատարած էին նկարչական զտումները: Այս առթիւ հրատարակուած էր գեղատիպ գրքոյկ մը ուր ամփոփուած էին, արուեստագէտներու գործերն ու կենսագրական գիծերը:

Մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին լաւագոյնս ծրագրելու եւ արուեստի այս փունջը հայ եւ օտար արուեստասէր հասարակութեան հրամցնելու, վարձքը կատար բոլոր նուիրատուներուն եւ այս ծրագիրը սատարողներուն.

Ցուցահանդէսը հանրութեան բաց էր Սեպտեմբեր 25-էն մինչեւ Հոկտ. 1 2015: