Գանատահայ յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեան Սփիւռքին ուղղուած բաց նամակ մը գրած է` կոչ ընելով 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հանդէս գալու իբրեւ դիտորդներ` երկրին մէջ արդար եւ ազատ, թափանցիկ ընտրութիւններ ապահովելու համար, կը հաղորդէ News.am–ը։
Իր նամակին մէջ Խանճեան յայտնած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ (ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի գրաւման իրադարձութիւններու ժամանակ – խմբ.) իր ձերբակալութեան մասին, որ իրեն ստիպած է հասկնալու, որ Սփիւռքը Հայրենիքի հետ փոխյարաբերութիւններու բնոյթը պէտք է վերանայի:
«Երկրին մէջ մեծ թիւով ներքին խնդիրներ կան, որոնք կապուած են համակարգուած փտածութեան, հովանաւորչութեան եւ սակաւապէտ տնտեսութեան հետ, ուր իշխանութիւնը եւ հարստութիւնը կը մնան փոքրաթիւ մարդոց ձեռքը: Արդարացի իրաւական պետութեան բացակայութիւնը` խօսքի եւ մտքի ազատութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ազատութիւններու եւ իրաւունքներու ճնշման համադրութեամբ աւելի կը խորացնէ հանրապետութեան մէջ առանց այն ալ անտանելի իրավիճակը»,- գրած է ան:
Խանճեան 8-միլիոն հաշուող Սփիւռքին կոչ կ’ընէ Հայաստան գալու 2017-ի գարնան եւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ներկայ ըլլալու իւրաքանչիւր ընտրատեղամասի մէջ:
Յայտնի դերասանուհին կը կարծէ, որ Սփիւռքը չի կրնար կողմնակի դիտորդ մնալ, այլ պէտք է արձագանգէ «մեր հայրենակիցներու խնդրանքներուն»: