Արցախը հանդէս կու գայ արկածային զբօսաշրջութեան նոր հնարաւորութիւններով: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Քայլարշաւով հետաքրքրուողներուն կ՝առաջարկուի Արցախի ամբողջ երկայնքով «Ճանապարհ Թրէյլ» կոչուող արահետը, որ Արցախի Ծար գիւղէն մինչեւ Հադրութ ինկած տարածքին է` կ՝առանձնանայ իր արկածային պատմութիւններով, գեղեցիկ բնական տեսարաններով ու զանազան ճարտարապետական հարուստ յուշարձաններով:
«Երթուղին մասնաւորապէս գծանշուած է Ստեփանակերտէն հիւսիս ինկած արահետներու վրայ, սակայն կը ծրագրուի իրականացնել «Ճանապարհ Թրէյլ»-ի ամբողջական գծանշում, կահաւորում ու բարեկարգում, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ առաւել ապահով եւ անվտանգ անցնելու երթուղին: Քանի որ երթուղին բաւական հանրաճանաչ դարձած է արկածային զբօսաշրջութեան սիրահարներու համար, նախագիծին հեղինակները արահետները աւելցուցած են տարբեր յաւելուածներու մէջ` ուղղորդումը դիւրացնելու նպատակով»,- նշած է Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրի կառավարիչ Արտակ Գրիգորեան:
Երթուղին համաշխարհային կը համարուի, որովհետեւ կարելի է տարանջատել իրարմէ եւ անցնիլ այն մասը, որ առաւել հետաքրքրական է ճանապարհորդի համար. ըլլայ Շուշիէն Յունոտի կիրճ, թէ Ազոխէն Գտչավանք ու Տող` մէկօրեայ արշաւի համար կամ ամբողջ երթուղին` երկշաբաթեայ տեւողութեամբ:
Յատկանշական է, որ արահետը կարելի է անցնիլ տարուան ցանկացած եղանակի, նոյնիսկ ձմրան, համապատասխան հանդերձանքի առկայութեան պարագային: Արդէն հետաքրքրուողներ կան, գործող արահետով քայլարշաւ կը կազմակերպեն Ռուսիայէն, եւրոպական երկիրներէ, ԱՄՆ-էն եկած զբօսաշրջիկները:
«Հարկ է նկատել, որ նախագիծով ամէն փուլի աւարտ կը հասցուի որեւէ բնակավայրի մօտ, որ հնարաւորութիւն կու տայ զբօսաշրջիկին շփուելու տեղացիներու հետ, ծանօթանալու բարքերուն ու աւանդոյթներուն: Արցախի անտառապատ լեռներուն մէջ կանաչ բացատներու առկայութիւնը հրաշալի հնարաւորութիւն է բանակումներ սիրող ճամբորդներու համար: Բանակում կարելի է կազմակերպել նաեւ տեղացիներու ագարակներուն մէջ կամ տնամերձ տարածքներու վրայ»,- նշած է Արտակ Գրիգորեան:
2015 թուականին երթուղին երկարացուած է մինչեւ Սեւանի աւազան` Վարդենեաց լեռնանցքով, նպատակ ունենալով զայն հասցնել մինչեւ Երեւանի մատոյցներ:
Արտակ Գրիգորեանի խօսքով, մերօրեայ զբօսաշրջիկի հիմնական ակնկալիքը`որքան հնարաւոր է մեծ տպաւորութիւն ստանալ այս կամ այն զբօսաշրջային ուղղութիւն այցելելէն: Խօսքը ոչ միայն տարատեսակ զբօսաշրջավայրեր կամ յուշարձաններ այցելելու մասին է, այլ տարբեր հետաքրքրական զբաղմունքներու եւ փորձի, որոնց կ՝առնչուի զբօսաշրջիկը այցելութեան ժամանակ: Ան ընդգծած է, որ Արցախի մէջ եւս նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին զբօսաշրջիկներու այցը հետաքրքրական ու բազմաբնոյթ դարձնելու համար:
«Լեռնային գծանշուած արահետներով Արցախի հիւսիս – հարաւ երթուղիէն մինչեւ Արցախի հանրայայտ գինիի երթուղիներով անցնիլը կամ «Մուկլիմանդիլ» սրճարանին մէջ սալսայի դասընթացներէն մինչեւ Ստեփանակերտի Շահումեանի անուան պուրակին մէջ ազգագրական պարերու բաց դասեր: Այս շարքը կարելի է երկար շարունակել»,- աւելցուցած է Արտակ Գրիգորեան` նշելով, որ տարուէ տարի կ՝ընդլայնուին Արցախի մէջ զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները: