ԱՐՑԱԽԻ ՀԵՐՈՍ ՔԱՀԱՆԱՆ՝ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ԵՒ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ

Այս օրերուն Արցախի պատերազմի հերոս Տէր Յովհաննէս Քահանայ Յովհաննէսն Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ կ’արժանանայ ժողովրդային խանդավառ ընդունելութեան: Ան Գանատա հրաւիրուած է Թորոնթոյի «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ տարեկան նուիրահաւաքի ճաշկերոյթին որպէս գլխաւոր բանախօս: Հոկտեմբեր 22-ին կայացած այդ հանդիսութեան ընթացքին գոյացած է 770,000 Գան. Տոլար ի նպաստ Հիմնադրամի Արցախի եւ Հայաստանի մէջ այլազան ծրագիրներու իրագործման:

Հրաւէրով Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, Տէր Յովհաննէս Հոկտեմբեր 23-ին ժամանած է Մոնթրէալ եւ առաջին երեկոյեան հիւրընկալուած է Մոնթրէալի Թէքէեան Կեդրոնը, ուր հաւաքական ընթրիքէ ետք Տէր Հայրը խօսած է իր գործունէութիւններուն մասին: Ան այժմ կը գլխաւորէ Քարվաճառի Թադէ Վանքի հիմնական եւ ամբողջական վերանորոգման աշխատանքը:Թադէ վանքը հիմնադրուած է Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի աշակերտ Թադէի կողմէ: Մինչեւ 1993 Թադէ Վանքը Ազերի քանդիչ տիրապետութեան տակ աւերակի վերածուած էր: Արցախի ազատագրումէն ետք, Արցախի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ Տէր Յովհաննէս նշանակուած էր Թադէ Վանքի վանահայր, վերանորոգման աշխատանքներու պատասխանատուն եւ շրջանի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ:

Dadivank photoՂարաբաղեան պատերազմի ճակատագրական օրերուն Տէր Յովհաննէս Գանձասար Վանքի հոգեւոր հովիւն էր.  ռազմավարական տուեալներով 1992-ին Գանձասարը կը մնար վերջին պատուարը որ Ազերի բանակը պիտի գրաւէր ու վերջնական յաղթանակ ապահովէր ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Կիրակնօրեայ իր Պատարագէն ետք, Տէր Յովհաննէս կը գլխաւորէ երիտասարդներու փոքր խումբ մը եւ կը դիմադրէ Ազերի բանակի գրոհներուն, անառիկ բերդի վերածուած Գանձասարը փրկելով, մինչեւ որ կը հասնի հայկական բանակը:

Artsakh13

Տէր Յովհաննէս Կիրակի Հոկտեմբեր 25-ին պատարագեց ու քարոզեց Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ ու ապա Մարի Մանուկեան սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ իր գործունէութիւններուն մասին: