«Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» վէպի հիման վրայ նկարահանուող ֆիլմի աշխատանքները պիտի սկսին յաջորդ տարի

Ամերիկահայ գրող, վիպասան Քրիս Պոհճալեան չէր հաւատար, որ իր` Հայոց Ցեղասպանութեան թեման նորովի մեկնաբանող «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպը կը կարդան ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Այս մասին «Գրական տապան 2015» միջազգային ամէնամեայ փառատօնի պատուաւոր հիւրը խոստովանած է հայ ընթերցողներու հետ հանդիպման ընթացքին, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«2010 թուականին, երբ սկսայ գրել այս վէպը, երկու որոշում կայացուցի: Ես կ՛ուզէի այնպէս ներկայացնել պատմութիւնը, որ անիկա հասկանալի ըլլայ բացարձակապէս տգէտներու համար: Կը մտածէի` կ’ըսեմ` ընթերցող, մի՛ ամչնար, որ այս պատմութիւնը չես գիտեր, որովհետեւ պատճառ կայ: Այդ պատճառը Թուրքիոյ եւ անոր գործընկերներու ուրացումն է: Ես որոշեցի, որ ամերիկացիները պէտք է Ցեղասպանութեան պատմութիւնը իմանան սիրոյ պատմութեան միջոցով»,- նշած է Քրիս Պոհճալեան:

Հեղինակը կը փաստէ` երբեք չէր սպասեր, որ վէպը կ’ընթերցուի նաեւ ԱՄՆ-էն դուրս: «Ստեղծագործութեան մէջ պատմութիւնը ներկայացնողի ծնողները 1915-ին սիրահարուած են Հալէպ, եւ քանի որ կը գրէի ամերիկացիներու համար, իմ հերոսուհիին տատը ամերիկացի դարձաւ: Էլիզաբեթը` հերոսուհին, կու գայ Հալէպ եւ կը հանդիպի իր հայ ամուսինին: Ես կ’ատեմ հայերու` առանց կռուի զոհուելու մասին պատմութիւնները: Եւ ատիկա է պատճառը, որ հերոսս կռուող հայ է»,-խոստովանած է Քրիս Պոհճալեան:

«Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպի հեղինակին խօսքով` ինքը երբեք չէր մտածեր , որ իր գիրքը ֆիլմ կը դառնայ:

«Իմ լաւ ընկեր Էրիկ Նազարեանը Պոսթընի եւ Սպանիո մէջ եկող տարուընէ պիտի սկսի ֆիլմի նկարահանումը: Անոր սենարը հրաշալի է եւ կը ստիպէ, որ շունչդ պահես»,-նշած է ան:

Քրիս Պոհճալեան գիրքի ստեղծման մասին պատմելուն զուգահեռ խօսած է նաեւ անոր նախապատմութեան մասին` աւելցնելով, որ այս ամէնը սկսած է ընտանեկան լուսանկարէ մը: Ան ընդգծած է, որ իր գերդաստանն ալ տուժած է Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն: «90-ականներու սկիզբը, երբ երիտասարդ էի, փոքրիկ պատմութիւն մը գրեցի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Սարսափելի վատ էր, անիկա երբեք չտպագրուեցաւ: «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» իմ` երբեւէ գրած ամենակարեւոր գիրքս է» ,- աւելցուցած է ան:

Հայ ընթերցողներու հետ հանդիպման ժամանակ Քրիս Պոհճալեան ներկայացուցած է նաեւ իր գիրքին տարբեր հրատարակութիւնները:

Ամերիկահայ գրող, վիպասան Քրիս Պոհճալեան ծնած է 1961-ի Օգոստոս 12-ին, Ուայթ Փլեյնզ (Նիւ Եորք),աւարտած է Ամհերսթի քոլէճը (ԱՄՆ) եւ Զիելենոգորսկի համալսարանը (Լեհաստան): Անոր գիրքերը թարգմանուած են 30 լեզուներով եւ հրատարակուած աշխարհի 20 երկիրներու մէջ: Վէպերէն եօթը գլխաւորած են «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի ամենաշատ վաճառուած գիրքերու ցանկը, երեքի հիման վրայ նկարահանուած են գեղարուեստական ֆիլմեր: Քրիս Պոհճալեանի առաջին` «Սպանութիւն իրական աշխարհի մէջ» վէպը հրատարակուած է 1988-ին: Անոր երրորդ` «Նախկին ներկարարները» վէպը հրատարակուած է 1992-ին, եւ Hallmark Channel հեռուստաընկերութիւնը 1995-ին վէպի սենարով ֆիլմ նկարահանած է: Քրիս Պոհճալեան Վերմոնտի արուեստի եւ գիտութիւններու համալսարանի դասախօս է, աշխատած է շարք մը թերթերու եւ ամսագիրներու մէջ, արժանացած է գրական բազմաթիւ մրցանակներու:

«Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպը (2012թ.) Հայոց Ցեղասպանութեան թեման նորովի մեկնաբանող գեղարուեստական պատում է, որ հրատարակուելէ անմիջապէս ետք դարձած է ԱՄՆ-ի ամենաշատ վաճառուող գիրքերէն մէկը: Սա պատմութիւն է մահուան ու սիրոյ, ջարդի ճանապարհին` անապատի մէջ, աւազէ ամրոց կառուցող աղջիկներու ու անոնց թողած ժառանգութեան մասին: