Բանակի Օրուան Առիթով Հայաստանի և Արցախի Բարձրաստիճան Այրեր Այցելեցին «Եռաբլուր» Զինուորական Պանթէոն

Բանակի օրուան առթիւ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան եւ ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան այրեր Հինգշաբթի՝ 28 Յունուար 2016-ին, այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցանեցին իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը: