Սուրիահայ Հուրի Մելքոնեանը կ՛ուսանի Էտինպուրկի համալսարան: Հալէպի համալսարանի շրջանաւարտը այն 5 ուսանողներէն մէկն է (եւ միակ հայը), որուն չորս տարի առաջ Սուրիոյ կառավարութիւնը, որպէս լաւագոյն ուսանող, հնարաւորութիւն տուած է ուսումը շարունակելու արտերկրի մէջ: Հուրին ընտրած է Մեծ Բրիտանիան: Ուսանելէն բացի կը զբաղի հետազօտական աշխատանքով, կը դասախօսէ երկու համալսարաններու մէջ, կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը:
Հուրին առաջին անգամ Հայաստան եկած է այս տարուան գարնան: Ցանկութիւններէն մէկը եղած է անպայման այցելել Երեւանի պետական համալսարանի Մաթեմաթիքայի բաժանմունք: Այց, որ, Հուրիին խօսքերով, կարեւոր եղաւ իրեն համար. «Մարտին եկայ Հայաստան նախ եւ առաջ մայրիկիս տեսնելու, որուն մօտ երկու տարիէ չէի տեսած: Ան Հալէպէն Հայաստան եկած էր: Այնուհետեւ ցանկացայ անպայման այցելել Երեւանի պետական համալսարանի մաթեմատիկայի բաժանմունք: Այցս շատ արդիւնաւէտ եղաւ: Ո՛չ միայն ծանօթացայ շարք մը մասնագէտներու հետ, այլեւ տեղեկացայ, որ Սեպտեմբերին միջազգային գիտաժողով պիտի կազմակերպուի: Հետաքրքրուեցայ ու ըսի, որ ես նոյնպէս կրնամ մասնակցիլ: Ես կրկին Հայաստան եկայ արդէն Սեպտեմբերին»:
«Ներդաշնակ վերլուծութիւն եւ մօտաւորութիւններ» խորագիրով միջազգային 6-րդ գիտաժողովը, որ տեղի կ՛ունենայ երեք տարին մէկ, Հայաստանի մէջ համախմբած էր աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մաթեմատիկներ, որոնք իրարու կը հաղորդեն սեփական փորձն ու գիտելիքները: Օտար երկիրներէ ժամանած մատթեմատիկներուն մէջ Հուրին միակ հայն էր:
«Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ` Սեպտեմբեր 12-էն 18: Անիկա ինծի շատ բան տուաւ. նախ եւ առաջ ծանօթացայ հայ մաթեմատիկներու հետ, Երեւանի պետական համալսարանէն համագործակցութեան, աշխատանքի առաջարկ ստացայ: Համոզուած եմ, որ միասին կրնանք նոր խնդիրներ լուծել: Կու գամ Հայաստան աշխատելու, թէ ոչ` չեմ կրնար ըսել, բայց անպայման կը ցանկամ հայաստանեան մասնագէտներու հետ համատեղ հետազօտութիւններ իրականացնել, հայաստանեան ամսագիրներուն թղթակցիլ»:
Էտինպուրկի մէջ, ուր կ՛ապրի Հուրին, շատ քիչ հայեր կ՛ապրին: Իսկ ընտանիքի անդամները, Սուրիոյ դէպքերէն ետք, տարբեր երկիրներ կը բնակին:
«Մայրս 1,5 տարի Հայաստան մնալէ ետք` այժմ եղբօրս մօտ է` Վիեննա, քոյրս ալ Նորվեգիա կ՛ապրի: Իսկ միւս եղբայրս` Աբրահամը, Սուրիա է, կը ծառայէ Սուրիական բանակին մէջ. արդէն 5-րդ տարին է: Դժուար է, բայց ուրիշ լուծում չկայ: Գրեթէ ամէն օր կապի մէջ ենք:
«Իսկ Էտինպուրկի մէջ շփումս հիմնականօրէն անգլիացիներու հետ է: Կը կարօտնամ հայկական ամէն բան, հայերու հետ շփման պակաս կը զգամ: 2011 թուականին երբ մեկնեցայ Մեծ Բրիտանիա, ցանկացայ հայկական համայնքի հետ ծանօթանալ, հետաքրքրուեցայ, թէ ուր կը հաւաքուին հայերը: Տեղեկացայ, որ հայերը հիմնականօրէն Լոնտոն կ՛ապրին, ուր հայկական համայնք կայ: Ցաւօք, Էտինպուրկի մէջ շատ քիչ հայեր կ՛ապրին: Ճիշդ է, 2-3 ընկեր ունիմ, բայց ատիկա բաւարար չէ: Այլ ելք չունիմ, պէտք է ընտելանամ մթնոլորտին, մինչեւ աւարտեմ համալսարանը: Կը կարօտնամ հայկական ամէն ինչը: Այդ կարօտը քիչ մը մեղմելու օգնեց Հայաստան այցելութիւնս: Կը յիշեմ, երբ առաջին անգամ Հայաստան եկայ, ինծի ամենեւին օտար չզգացի, շուրջս բոլորը հայերէն կը խօսէին: Շատ ուրախ էի, զարմացած, թէ ինչպիսի մտերմութեամբ զիս ընդունեցին: Հայրենիքը ուրիշ է, Անգլիան, Սուրիան օտար երկիրներ են, ուր մարդիկ տարբեր լեզուով կը խօսին, տարբեր ձեւով կը մտածեն: Երկրիդ մէջ ըլլալը ուրիշ զգացողութիւն է. հոգիդ ուրախ է: Անգլիոյ մէջ իմ ընկերներուս հպարտութեամբ կը պատմէի, որ պիտի մեկնիմ իմ երկիրս, ուր միջազգային գիտաժողովին պիտի ներկայացնեմ իմ հետազօտութիւններս: Էտինպուրկցիներէն շատերու համար Հայաստանը ընդամէնը աշխարհագրական տարածք է, տեղ քարտէզի վրայ: Այդ պատճառով է, որ երբ կը ներկայանամ օտարին` նախ կ՛ըսեմ` հայ եմ, յետոյ միայն սուրիահայ: Կը փորձեմ, որ անոնք լաւ ձեւով ճանչնան հայերը, լաւ տպաւորութիւն ունենան մեր երկրին, մեր ժողովուրդին մասին:
«Յոյս ունիմ, որ ապագային կը կարենամ աւելի սերտ կապեր հաստատել Երեւանի պետական համալսարանի հետ, կը կարենանք միասին գործեր իրականացնել: Պէտք է փորձեմ եւ ընեմ հնարաւոր ամէն ինչ` ցանկալի արդիւնքի հասնելու համար»: