Ապրիլ 28, 2016-ին, Գանատահայոց Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան հանդիպեցաւ Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար Տիար Սթեֆան Տիոնի հետ։
Սրբազան Հայրը Գանատահայոց համայնքի անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Գանատական քաղաքական գործիչներու սկզբունքային դիրքորոշումներուն համար Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, բարձր գնահատելով Գանատայի գործօն դերը՝ միջազգայնօրէն կասեցնելու համար ցեղասպանութեան ոճիրները։
Սրբազան Հայրը նոյնպէս նախարարին ուշադրութեան յանձնեց Ատրպէյճանի գործած վերջին նախայարձակումները Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) հանդէպ, եւ խնդրեց նախարարէն որ դատապարտէ Ատրպէյճանի կատարած խախտումները՝ 1994-ին Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայացած հրադադարի համաձայնագիրին։ Նաեւ, Առաջնորդ Աբգար Սրբազան նախարարին ներկայացուց մարդու իրաւունքներու նկատմամբ Ատրպէյճանի կատարած բազմաթիւ խախտումները, որոնք պատճառ դարձան եւ յառաջացուցին բազմաթիւ զոհեր, Արցախի խաղաղ բնակչութենէն, ներառեալ երեխաներ։ Սրբազան Հայրը կարեւորութեամբ շեշտեց թէ՝ նախայարձակումները պէտք է որ հասցէագրուած կերպով դատապարտուին։
Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը նշեց որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան միակ եւ կայուն լուծումն է՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը եւ կոչ ուղղեց Գանատայի Իշխանութիւններուն որ գնահատէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի արդարացի իրաւունքը եւ ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը ընդգծեց կենսական կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ Գանատական դեսպանատուն բանալու հարցը, եւ խնդրեց Մեծարգոյ Նախարարէն, որ պաշտօնական այցով մեկնի Հայաստան, այցելելու համար աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը։
Սրբազան Հօր այս այցելութեան կ’ուղեկցեր Առաջնորդութեան դիւանապետ Տիար Լեւոն Իսախանեան։