Գանատահայոց թեմի 34-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ Մայիս 26-27. 2017-ին, հիւրընկալութեամբ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, նախագահութեամբ թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի:
Ուրբաթ Մայիս 26-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ թեմի հոգեւորականաց համակարգումը: Նոյն երեկոյեան ժամը 7.00-ին, եկեղեցւոյս «Մարալ Իշխանեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գաղութիս արուեստագէտներէն Մարիա Աբէլեան-Պոյաճեանի նկարչական ցուցահանդէսը, կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով բարի գալստեան եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեան, որմէ վերջ, ձեռամբ Առաջնորդ Աբգար Սրբազանի, ներկայ հոգեւորականաց դասի, արուեստագիտուհիին եւ ներկաներու, տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացման ժապաւէնի հատումը, որմէ ետք ներկաները հետաքրքրութեամբ շրջեցան ցուցահանդէսին մէջ: Երեկոյեան ժամը 7.30-ին սկսաւ պատգամաւորական ժողովի առաջին նիստը, սոյն ժողովին մաս կազմեցին համայն Գանատայի ծուխերէն պատգամաւորներ Վանքուվըրէն մինչեւ Մոնթրէալ եւ տեղւոյս մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ պրն. Ժագ Ստեփանեան (Թորոնթոյէն), ատենադպիրներ Արժ. Տ. Միւռոն քհնյ. Սարգիսեան (Միսիսոկայէն- հայերէն) եւ տիկ. Հիլտա Թուրշուճեան (Լաւալէն- անգլերէն), խորհրդարանական նշանակուեցաւ Ժան Ֆիլիփ Թաշճեան (Օթթաուայէն): Գնահատանքի յանձնախումբի անդամներ նշանակուեցան տիկ. Տիանա Պօղոսեան եւ պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան (թորոնթոյէն):
Հիւրընկալ Ծուխի անունով բարի գալուստի եւ ժողովի յաջողութեան խօսքերով հանդէս եկաւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան:
Ժողովականները յոտնկայս ունկնդրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի խօսքերը, որ ընթերցեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան: Ողջոյնի նամակներ եղած էին նաեւ Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան վարչապետ Ն. Վ. Ճասթին Թրուտօ, Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Գաթլին Ուին, Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորի:
Աջակցութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներով նամակ ուղարկած էին նաեւ Թորոնթոյի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան վարիչ մարմինը:
Ներկայացուեցաւ Առաջնորդարանի հովանու ներքոյ գործող յարակից մարմիններու տեղեկագիրները, որոնք ներգրաւուած էին Առաջնորդարանի տարեկան տեղեկագիրին մէջ, եւ բաժնուած էին ներկայ պատգամաւորներուն: Հոգեւորաց ժողովի տեղեկագիրը ներկայացուց Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Առաջնորդարանի դիւանապետ պրն. Լեւոն Իսախանեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ գրասենեակային աշխատանքներուն: Ժողովի Ա. նիստը վերջ գտաւ երեկոյեան ժմը 9.30-ին Սրբազան Հօր պահպանիչով:
Պատգամաւորական Ժողովի Երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ Մայիս 27-ին, առաւօտեան ժամը 9.00-ին Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան ներկայացուց 2016 տարուան տեղեկագիրը: Սրբազան Հայրը գոհունակութիւնը յայտնեց, որ միասնաբար հաւաքուած ենք Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ 34-րդ տարեկան Թեմական Պատգամաւորական Ժողովին համար, անդրադառնալու եւ զեկուցելու անցեալի տեղեկագրութիւնները եւ վերարծարծելու անցեալ տարուան ընթացքին կայացած փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ որդեգրելու որոշումներ, որոնք պէտք են իրականացուին մօտ ապագային: Սրբազան Հայրը խօսքերը աւարտեց ըսելով՝
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ ի քրիստոս,
Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Շնորհը, Հայր Աստուծոյ Սէրը եւ Սուրբ Հոգիի Հաղորդութիւնն ըլլան բոլորիս հետ: Ամէն:
Մեր որդիական ախմենախոնարհ շնորհակալութիւնն ու երախտիքը կը յայտնենք ազգիս Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որուն հայրական հոգածութիւնը միշտ զգացեր ենք մեր կեանքին մէջ:
Մեր գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքը կ’ուղղենք Թեմիս ողջ Հոգեւոր Դասին, Թեմական Խորհուրդի անդամներուն, Ծխական Խորհուրդներուն, պատգամաւորներուն եւ յարակից մարմիններուն՝ որոնք կարեւոր կեդրոն եւ սիւն մըն են Գանատայի ողջ տարածքին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Մեր գնահատանքը նաեւ մեր բարերարներուն, ովքեր առանց սակարկելու կը վստահին մեր բազմաճիւղ առաքելութեան:
Եւ ամբողջացնելով՝ մեր անսահմշան սէրն ու յարգանքը հաւատաւոր մեր ժողովուրդին, որուն համար կ’ապրինք եւ կը գործենք:
Թեմական Խորհուրդի տեղեկագիրը ներկայացուց ատենապետուհի տիկ. Աբէթ Ալբայ, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Թեմական Խորհուրդի անդամներուն համերաշխ գործունէութեան համար: Աւանդապահ Մարմնի (Boardy Trustees) Ատենապետ պրն. Ժագ Ստեփանեան ներկայացուց տեղեկագիրը: Ժողովի օրակարգերու հիմնահարցերէն մէկն էր, Թեմիս կանոնադրութեան փոփոխութիւնները, որոնք յետ քննարկման երկրորդ անգամ ժողովականները վաւերացուցին:
Գանձապահ պրն. Անդրանիկ Շիրինեան ներկայացուց նիւթական տեղեկագիրը եւ 2018-ի նախահաշիւը: Տիկ. Ռաքէլ Տորամաճեան ընթերցեց հաշուեքննիչ յանձնախումբի տեղեկագիրը: Ճաշի դադարէն ետք գումարուեցաւ Երրորդ նիստը. տեղի ունեցան ընտրութիւնները:
Թեմական Խորհուրդի անդամներ ընտրուեցան:
Պրնք. Օհան Օհաննէսեան (վերընտրուած), Ճոն Սաթուրի եւ Ժան Ֆիլիփ Թաշճեան, Տօքթ. Հրայր Տէր Գէորգեան(անձնափոխանորդ), հոգեւորականներէն վերընտրուեցաւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան:
Կալուածոց Մարմնի անդամ ընտրուեցաւ Տիկ. Ազատուհի Փոլատ, իսկ Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան Տիկ. Ռաքէլ Տորամաճեան (վերընտրուած) Տիկ. Հիլտա Թուրշուճեան եւ Ազատուհի Փոլատ, Ընտրողական Յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան Տիկ. Տիանա Պօղոսեան, Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեան եւ Մատաթ Բ. Մամուրեան (վերընտրուած):
Գնահատանի Յանձնախումբի տեղեկագիրը ընթերցեց Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան:
Որոշուեցաւ Պատգամաւորական 35-րդ ժողովը գումարել Վանգուվըրի Ս. Վարդան Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ համայնքի հիւրընկալութեամբ, Մայիս 25-26 2018-ի շաբաթավերջին:
Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց օրուայ դիւանի ատենապետ պրն. Ժագ Ստեփանեանը, ատենադպիրներ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանը եւ Տիկ. Հիլտա Թուրշուճեանը, ինչպէս նաեւ ներկայ պատգամաւորները, հիւրընկալ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի, Տիկնանց Յանձնախումբի եւ Կզմակերպիչ Յանձնախումբի անդամ-անդամուհիներուն,:
Պատգամաւորական 34-րդ ժողովը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ժամը 3.30-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր պահպանիչով:
Շաբաթ Մայիս 27-ի երեկոյեան ժամը 7.30-ին Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, «Մակարոս Արթինեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ճաշկերոյթ-խրխճանք:
Օրուայ հանդիսավար Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեան ելոյթ ունեցաւ բացման խօսքով, սրտի ջերմ խօսքերով հանդէս եկան հիւրընկալ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի Տիկ. Աբէթ Ալբայ, եկեղեցւոյս հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ.-ի բարեմաղթութեան գիրը ընթերցեց Տ. Գեղարդ Ա. Քհնյ. Կարապետեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով եւ օրհնութեամբ վերջ գտաւ յայտագրի պաշտօնական մասը, որմէ ետք երեկոյթը խանդավառեցին երգիչ Մհեր Մինասեան եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբը: