Գանատայի կառավարութիւնն Ատոմ Էգոյեանի շնորհած է Գանատայի Ազգային Շքանշանի բարձրագոյն տիտղոսը

http://globalnews.ca/video/3256574/atom-egoyan-named-to-the-order-of-canada

Գանատայի կառավարութիւնն՝ ի դէմս գեներալ-նահանգապետ Դեյվիդ Ջոնսթոնի, փետրուարի 17-ին Ատոմ Էգոյանին շնորհած է Գանատայի Ազգային Շքանշանի բարձրագոյն տիտղոսը` երկրի մշակոյթի մէջ կատարած ներդրման համար: Այս մասին ֆէյսբուքեան իր էջին մէջ հաղորդած է Արսինէ Խանջեանը:

«Ատոմ Էգոյանը նուիրուած է երկրի երիտասարդ տաղանդներու եւ բազմազան մշակութային դաշտի զարգացումին: Մեր մշակութային գանձերէն մէկը` որպէս կինոռեժիսոր ան ձեռք բերած է միջազգային համբավ` միեւնոյն ժամանակ ամուր կապուած մնալով Գանատայի հետ: Համայնքի, մեկուսացման, մեր կեանքի տեխնոլոգիայի դերի թեմաները կենտրոնական են անոր գերազանց ստեղծագործական գործունէութեան մէջ: Նուիրելով իր ժամանակը եւ տաղանդը` ան նաեւ կը դասաւանդէ եւ կը հանդիսանայ մշակութային միջոցառումներու եւ կինոփառատոններու աշխոյժ մասնակից եւ ժիւրի: Ան նաեւ տաղանդաւոր վիզուալ արուեստագէտ է եւ թատրոնի ու օփերայի ռեժիսոր»,- նշուած է շքանշանի յանձնման արարողութեան ժամանակ:

«Ապագայ»-ի անունով կը շնորհաւորենք Գանատահայ մեր տաղանդաւոր արուեստագէտ Ատոմ Էգոյեանը եւ իրեն կը մաղթենք շարունակական յաջողութիւններ:

«ԱՊԱԳԱՅ»