Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան. «Գանատական ընկերութիւնները հետաքրքրուած են Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտով»

Գանատական ընկերութիւնները կը շարունակեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Հայաստանի արդիւնաբերութեան տարբեր բնագաւառներու նկատմամբ, մասնաւորապէս, հանքարդիւնաբերական ոլորտի մէջ: Այս մասին, ըստ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատւութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններուն, Փետրուար 15-ին, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոնի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանը:

Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրած են քաղաքական երկխօսութեան աշխոյժացման փաստը, որուն ապացոյցն է փոխայցելութիւններու քանակի աճը երկու երկիրներուն միջեւ: Դեսպան Եգանեանը նշած է, որ 2015-ի ընթացքին Գանատա այցելած են ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, ինչպէս նաեւ կայացած է Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի պաշտօնական այցը: Միաժամանակ դեսպանը ողջունած է նախորդ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած գանատական երկու պատուիրակութիւններու այցը Հայաստան` նախարարներ Քրիս Ալեքսանդրի եւ Քրիստիան Բարատիի ղեկավարութեամբ: Նշուած է վերջին տարիներու ընթացքին երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու մէջ արձանագրուած առաջընթացը, որուն վկայութիւնն է 2015-ի գանատական առաջին առեւտրատնտեսական առաքելութեան այցը Հայաստան: Դեսպանը ընդգծած է, որ գանատական ընկերութիւնները կը շարունակեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Հայաստանի արդիւնաբերութեան տարբեր բնագաւառներու նկատմամբ, մասնաւորապէս, հանքարդիւնաբերական ոլորտին մէջ:

Նախարար Տիոնի խնդրանքով դեսպան Եգանեանը ամփոփած է 2015-ի ընթացքին Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ներառեալ` Գանատայի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2015-ի Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած Ֆրանքոֆոնիայի 31-րդ նախարարական համաժողովի արդիւնքները:

Կողմերը համաձայնած են շարունակել աշխատանքները` ինչպէս երկկողմ քաղաքական երկխօսութիւնը առաւել զարգացնելու, այնպէս ալ առեւտրատնտեսական կապերը ամրապնդելու ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային այլ արդի խնդիրներու: