«Այն կողմը, որ Հալէպի մէջ կը յաղթէ, պիտի յաղթէ նաեւ ամբողջ Սուրիոյ մէջ» «Արեւելք»-ին ըսաւ վերլուծաբան լրագրող Գէորգ Էլմասեան: «Արեւելք»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Էլմասեան դիտել տուաւ, թէ տարբեր՝ տեղական, շրջանային եւ միջազգային լրատուամիջոցներու հաղորդած լուրերուն մէջ ոչ մէկ օր կանցնի՝ առանց Հալէպի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն անդրադառնալու: Մեր զրուցակիցին ըսելով, սուրիական երկրորդ ամենամեծ քաղաք եւ արդիւնաբերութեան կեդրոն հանդիսացող Հալէպը, որ իր տնտեսական արտադրանքով կ’ապահովէր Սուրիոյ բոլոր նահանգները, երկրի տարածքին իր եզակի դիրքը պահպանելու եւ ինքզինք աւերիչ քաոսէն զերծ պահելու համար, նախընտրեց խաղաղութեան օրինակ դառնալ, եւ ապաստան դարձաւ Սուրիոյ այլ շրջաններէն եկած փախստականներուն, որոնց շրջաններու կայունութիւնը խախտուած էր՝ Թուրքիոյ եւ արեւմտեան երկիրներու նեցուկը վայելող ընդդիմադիր կոչուած զինեալներու թիւին կտրուկ աճով: «Սակայն այս վիճակը երկար չտեւեց, 2012-ի ամրան, Թուրքիոյ կողմէ նեցուկ ունեցող ահաբեկիչները յաջողեցան ներխուժել քաղաք, եւ Հալէպի յատապէս հիւսիս-արեւելեան թաղամասերը ահաբեկիչներով լեցուեցան»,- կը պատմէ Էլմասեան, աւելցնելով, որ «Շատեր կարծեցին, որ Հալէպի խնդիրը ժամանակի հարց է եւ քաղաքը դարձեալ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ պիտի առնուի՝ շաբաթներու կամ առաւելագոյնը՝ ամիսներու ընթացքին», սակայն, «գետնի վրայ իրականութիւնը տարբեր եղաւ, մանաւանդ, որ ահաբեկիչներուն ռազմական օժանդակութեան անցքերը, որ կ’անցնէին Թուրքիոյ սահմանէն՝ բաց էին եւ Անգարայի կառավարութիւնը մտադրած էր գրաւել Հալէպը, որ մեծ նշանակութիւն ունի օսմանեան նոր դիմագիծով հանդէս եկող նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողանին եւ անոր հեռահար նպատակներուն համար:
«Էրտողան ամէն ջանք ի մի դրաւ եւ աջակցեցաւ Հալէպի մէջ գործող ահաբեկչական խումբերուն, յատկապէս «Ժապհաթ Ալ Նուսրա»-ին, «Լիուա Ալ-թաուհիտի»-ն, «Նուր Ալ- Տին Զընքի» ջոկատին, Թուրքիստանի կուսակցութեան (իսլամներ Չինաստանէն) եւ այլ խումբերու, «սակայն աւերիչ պատերազմէն 4 տարիներ ետք, Էրտողանի գործընկերները ձախողեցան Հալէպը գրաւելէ, եւ այս անգամ անցան վրէժխնդրութեան, թիրախաւորելով ժողովուրդը եւ քաղաքին վրայ հազարաւոր ռումբեր տեղացնելով, ինչին հետեւանքով անցած 5 ամիսներուն Հալէպի մէջ գրանցուեցաւ 700-էն աւելի զոհ եւ վիրաւոր, որոնց մէջ մեծ էր թիւը կիներու եւ երեխաներու»:
Մեր զրուցակիցը նաեւ մատնանշեց, որ այս ահաբեկչական արշաւներէն մէկը սկսած էր ճիշդ 24 Ապրիլին, երբ ամբողջ աշխարհը կը նշէր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը: Էլմասեան զուգահեռներ տանելով 100 տարի առաջ կատարուածին եւ այսօրուան դէպքերուն միջեւ նշեց անոնց նմանութիւնները, եւ վաւերական փաստերով յայտնեց, թէ կարգ մը արեւմտեան կառավարութիւններ դարձեալ մտած էին Էրտողանի նէո-օսմանեան ռէժիմի նոյն անկողինը եւ ամէն տեսակի ռազմական եւ նիւթական աջակցութիւն կը հասցնէին զինեալ խմբաւորումներուն՝ քաղաքացիները ծունկի բերելու եւ Սուրիոյ կառավարութեան Հալէպի վրայ իշխանութիւնը սանձելու նպատակով: «Ամենավատը սակայն այն էր, որ այս խմբաւորումները, որոնք ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ կը կոչուին «չափաւորական ընդդիմադիր ուժեր», Հայոց Ցեղասպանութեան հրէշային ծրագիրը իրականացնող «ուղեղներ» էն մէկուն՝ «Էնվէր Փաշա»-ի անունը գրած էին այն հրթիռներուն վրայ, որոնք կը նետուէին սուրիահայերով բնակեցուած թաղամասերուն ուղղութեամբ»:
Մեր զրուցակիցին համաձայն, բոլոր վերոնշեալ հանգամանքները ցոյց կու տան Հալէպի ունեցած մեծ նշանակութիւնը Սուրիոյ մէջ պատերազմող կողմերու համար: Ըստ Էլմասեանի հակամարտող բոլոր կողմերը կը փորձեն կառչած մնալ Հալէպի խաղաքարտին, որովհետեւ Հալէպի մէջ որեւէ կողմի յաղթանակ վճռորոշ դեր պիտի ունենայ երկարատեւ այս պատերազմին յառաջիկայ զարգացումներուն առընթեր: «Այն կողմը, որ Հալէպի մէջ պիտի յաղթէ, պիտի յաղթէ նաեւ ամբողջ Սուրիոյ մէջ». ըսաւ Էլմասեան:
Խօսելով սուրիահայութեան, մասին ան նշեց, որ անոնք ալ՝ ինչպէս Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր խաւերը, ենթարկուեցան ամենավայրագ ահաբեկչական արշաւին, սակայն նկատելի այն տարբերութեամբ, որ հայկական յիշողութիւնը կրկնապատկեց ցաւը, «Ինչպէս կրնար հայը մոռնալ անցեալին իր նախնիներուն ենթարկուած ցաւը, որուն այսօր կ’ենթարկուին սուրիացիներն ու սուրիահայերը. արդեօք այսօր պատահածները կը տարբերին 100 տարի առաջ կատարուածէն. գլխատումները, կախաղաններ բարձրացնելը, չարչարանքներն ու կանանց բռնաբարութիւնները, այս բոլորը ներկայ են մեր ժողովուրդի յիշողութեան եւ հայ միտքին մէջ, միակ տարբերութեամբ մը, որ 1915-ի նկարները սեւ ու սպիտակ են, մինչ այսօր գունաւոր նկարներով կը պատկերուին եղածները եւ կը վաւերացուին հոլիվուտեան մակարդակով»,-ըսաւ Էլմասեան:
Իսկ աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ դիտելով Սուրիոյ պատերազմը, ան նշեց, որ սա ամերիկեան «նոր միջին Արեւելք» կոչուած ծրագրի վերջին փուլն է, որ սկսած էր Ճորճ Պուշ որդիի գահակալութեան օրերուն եւ շարունակուած՝ Պարաք Օպամայի կողմէ: «Բոլորս ալ գիտենք, որ ԱՄՆ-ն, յատկապէս ժայռային նաւթի յայտնաբերումէն ետք, սկսաւ թեթեւցնել իր ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ: «Քարթըրի սկզբունքը», որ կոչ կ’ընէր ապահովելու նաւթի արտահոսքը դէպի «Քեռի Սամ»-ի երկիր, այլեւս կարեւորութիւն չունէր Ուաշինկթընի համար, անոր յառաջիկայ 10 տարիներուն նաւթի կարիքը բաւարարելէն ետք»:
Այս հանգամանքներու թուարկումով մեր զրուցակիցը եզրակացուց, որ իր կարծիքով, ամերիկեան ուժերու վերադիրքաւրում կը կատարուի եւ անոնք աստիճանաբար կ’ուղղուին դէպի հեռաւոր Ասիոյ արեւելք, Միջին Ասիա եւ կովկասի շրջան, «Յետագայ կռիւները, դիւանագէտ ռազմավարներու համաձայն, պիտի պատահին այս շրջաններուն մէջ՝ հարուածելու համար Ռուսիոյ Եւրասիական ծրագիրը եւ «Մետաքսի ճանապարհը» որ վերակենդանացած էր Չինաստանի կողմէ»,-յարեց ան: Ասոր որպէս փաստ, մեր զրուցակիցը մատնանշեց Ռուսիոյ կողմէ իրականացուող կեդրոնացուած զօրավարժութիւնները՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, այս շրջաններուն մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Փէքինի հետ օրըստօրէ՝ անվտանգութեան գետնի վրայ շեշտուող համագործակցութիւն մը իրականացնելու ջանքերով:
Հիմնուելով վերնշեալներուն վրայ, ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ վերջին յարձակումը Արցախի Անկախ Հանրապետութեան վրայ կը ծառայէ նոյն ամերիկեան ծրագրին, որ կը փորձէ կռահել Մոսկուայի միտումը եւ պատրաստուածութիւնը:
«Աննշան տարբերութիւններով, Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը նկատուին Ուաշինկթընի կողմէ գծուած ծրագրին մէջ որոշ սահմանուած գործառոյթ կատարող երկիրներ եւ Սուրիոյ ամենավայրագ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ դիմադրութիւնը յետաձգեց հակամարտութիւններու կեդրոնի տեղափոխումը դէպի կովկասեան շրջան, մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղ: «Այս պատճառով, Հայերը, որպէս կառավարութիւն եւ ժողովուրդ՝ պէտք է Սուրիան համարեն իրենց աշխարհաքաղաքական շահերու պաշտպանութեան առաջին գիծը», -յայտնեց Էլմասեան, եզրակացնելով, որ Սուրիոյ կայունութիւնը կը նշանակէ ամերիկեան ծրագրի ձախողում եւ հայկական շահերու պաշտպանութիւնը՝ քաղաքական եւ ընկերային գետնի վրայ, որովհետեւ Սուրիոյ անկումը՝ Հալէպի, Դամասկոսի, Տէր Զօրի եւ այլ շրջաններու մէջ գտնուող սփիւռքահայութեան կարեւոր հատուածի մը ոչնչացում կը նշանակէ: ինչպէս նաեւ, կը նշանակէ, թէ պահը հասած է, որ Ուաշինկթըն պատերազմի դաշտը տեղափոխէ դէպի Միջին Ասիա եւ Կովկաս:
«Ինչպէս յայտնի է պետական յարաբերութիւններուն մէջ, կայսրութիւնները իրենց գերակայութիւնը կը պահպանեն ռազմական ուժի միջոցաւ եւ ԱՄՆ-ն բացառութիւն չէ այս օրէնքին մէջ»,- նկատեց ան եւ եզրափակելով իր խօսքը, շեշտեց, որ պէտք է զգուշանալ այն սխալ ձայներէն, որ կը փորձեն շեշտել Հայաստանը դէպի Ուաշինկթըն ուղղելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ այդ մէկը անձնասպանութեան եւ ինքնաոչնչացում կը նշանակէ:
*Նշենք, որ Էլմասեան RT.Arabic կայանի լրագրող է եւ վերլուծական յօդուածներով հանդէս կու գայ լիբանանեան «Ալ Ախպար» օրաթերթին մէջ: