«Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանը այլընտրանք չունի: Հայաստանը պէտք է դառնայ ժողովրդավար եւ հզօր երկիր»,-«Արեւելք»-ին յայտնեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գէորգ Հալէպլեան: Հալէպլեան, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ու ազատականութեան գաղափարներու ամրապնդման, յայտնեց, որ ՌԱԿ-ը հաւատացողն է այդ սկզբունքներուն եւ hայաստանակեդրոն դառնալով, պիտի ջանայ որ Հայաստանի մէջ սկիզբ առած այդ գործընթացները ճիշդ հունին մէջ դրուին:
Հալէպլեան, խօսելով ամիս մը առաջ Երեւանի մէջ կայացած ՌԱԿ-ի երրորդ խորհրդակցական համագումարին մասին (որ զուգադիպած եւ ընթացած էր համատեղ՝ Հայաստանի ՌԱԿ-ի 23/4-րդ արտահերթ պատգամաւորական ժողովին), նշեց, որ Հայաստանի ՌԱԿ-ը արտահերթ այս ժողովը գումարեց սփիւռքի ՌԱԿ-ին հետ միացման հարցը վճռելու եւ շեշտեց, որ այս միացումը նոր իրավիճակ էր, ե՛ւ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, ե՛ւ ՌԱԿ-ի, վերջին 25 տարիներու պատմութեան համար: Հալէպլեան այս առումով յայտնեց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սփիւռքեան շրջանակներու Հայաստան տեղափոխուելու քայլին մղած էին մէկ կողմէն՝ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակներն ու ընդհանրապէս սփիւռքի անզսպելի նահանջի փաստը, իսկ միւս կողմէ՝ Արցախի քառօրեայ պատերազմն ու Հայաստանի ներքին քաղաքական գործընթացները:
Ռամկավար գործիչը «Արեւելք»ին տեղեկացուց, որ սփիւռքի ՌԱԿ-ի շրջանակներու մեծամասնութիւնը, իր 5 թերթերով՝ «Ազգ», «Արեւ», «Ապագայ», «Նոր Աշխարհ» եւ «Mirror Spectator», անոնց համայնքներու կուսակցականներով նշեալ ժողովին միաձայնութեամբ որոշեցին միանալ Հայաստանի ՌԱԿ-ին, որպէս մէկ Հայաստանակեդրոն կուսակցութիւն։
Հալէպլեան, ընդգծելով Հայաստանի համար պատմական օրերուն ժողովրդավարութեան կիրառման անհրաժեշտութիւնը, նշեց, որ այսօր հայրենիքի կայունութեան սպառնացող ամենամեծ աղէտին՝ արտագաղթին կասեցումը կուսակցութեան համար գերխնդիր է, որովհետեւ «Հայաստանը մեր ինքնութեան պահպանման եւ մեր ժողովուրդի զարգացման միակ կռուանն է» ըսաւ ան դիտել տալով, որ «25 տարի է Հայաստանը անկախացած է: Այս անկախութեան հիմնական ուղղութիւնը ժողովրդավարութիւնն ու ազատականութիւնն է, որուն մէջ կը տեսնենք արդիական Հայաստանը: Այս հիմնադրոյթները շատ կարեւոր են երկրի տնտեսութիւնը զօրացնելու, ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական եւ բարոյա-հոգեբանական վիճակը բարելաւելու, աշխատատեղեր ստեղծելու, փտախտի եւ կաշառակերութեան, ինչպէս նաեւ օլիկարխիայի եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարելու համար»: Ըստ Ամերիկա հաստատուած ճարտարապետին «Հայաստանի ժողովրդավարական հիմնարկները, քաղաքացիական հասարակութիւնը, դատաիրաւական համակարգը, ունին շատ խոցելի կէտեր եւ պէտք է վերակազմակերպուին ու վերաիմաստաւորուին, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել արտագաղթի վտանգը, մէկ խօսքով պէտք են համակարգային փոփոխութիւններ»,-ըսաւ ան, յայտնելով որ ՌԱԿ-ը այդ գաղափարախօսութեան կրողն է:
Անդրադառնալով ՌԱԿ-ի գերագոյն նպատակին, ան նկատել տուաւ , որ անկախ Հայաստանի տիրող վարչակարգէն, կուսակցութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդի եւ հայրենիքի կողքին: հալէպլեան յիշեցուց, որ նոյնիսկ սովետական շրջանին ալ հակառակ իշխող վարչաձեւին հետ խոր տարակարծութեան, ՌԱԿ եղած է Հայաստանի կողքին, գերադասելով ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութիւնը:
«Այս բոլորը մեր կուսակցութիւնը իր քաղաքականութեան մէջ ունի: Վերադառնալով Հայաստան, այս սկզբունքները կիրառելով, ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելով, քաղաքական կեանքին մէջ աշխատելով, մենք մեծ գործ ունինք կատարելիք Հայաստանի հզօրացման ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին մարտահրաւէրները դիմակայելու իմաստով»,- նշեց Հալէպլեան:
Անոր կարծիքով «Հայկական սփիւռքը կանգնած է բաւական բարդ դրութեանց դիմաց եւ սկսած Միջին Արեւելքէն, մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկաներ»: Ան սփիւռքի տկարացած ուժականութեան կսրեւոր պատճառներէն մէկը նկատեց օտար ամուսնութիւնները, իսկ հիմնական այլ պատճառ ՝ աւանդական կուսակցութիւններու անդամութեան նօսրացումը,- նշելով, որ «Հայկական աւանդական կուսակցութիւնները, լիարժէք կերպով կրցաւ նոր սերունդին հոգիին եւ մտքին մէջ ազատ անկախ Հայաստանի գաղափարը ամրապնդել՝ սփիւռքի կարգ մը ղեկավարներու եսասիրութեան, եսապաշտութեան, անձնակեդրոն եւ քաղաքական անհեռատեսութեան պատճառով: Պահ մը մոռցան, որ ազատ անկախ հայրենիք ունինք եւ պարտաւոր ենք հզօրացնել այն: Պէտք է սերունդներ պատրաստէինք, որպէսզի Հայաստան ուղարկէինք՝ տնտեսագէտներ, գիտնականներ, գործարարներ, իրաւաբաններ ու բոլոր ոլորտներու մասնագէտներ»,-ըսաւ Հալէպլեան, աւելցնելով որ «Մարդիկ կառչած մնացին սփիւռքեան իրենց խորտակուող նաւին, բայց այդ բոլորը խաբուսիկ են»: Ան դիտել տուաւ, որ 50-60-70 տարիներու ընթացքին ե՛ւ Հայ Դատի յանձնախումբը, ե՛ւ Հայ Իրաւանց խորհուրդը, ե՛ւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը, միլիոնաւոր գումարներ ծախսած են գոնկրեսականներուն, սենաթորներու եւ քաղաքապետներուն վրայ, որպէսզի մէկ նախադասութիւն կորզեն անոնցմէ, թէ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է, մեծ յոյս ունենալով, որ օր մը, անիկա Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մաս կը կազմէ, սակայն, այդ մէկը մինչեւ օրս իրականութիւն չդարձաւ:
Հալէպլեան առաջնահերթութիւն կը նկատէ այսօր ազատ անկախ Հայաստանի հզօրացումը առանց մոռնալու պահանջատիրութիւնն ու հայ դատը: Ազգային գործիչը պահանջատիրութիւնը կախեալ կը տեսնէ մի քանի գործօններէ. «Պահանջատիրութիւնը կրնայ ապագային իրականանալ, եթէ աշխարհաքաղաքական իրավիճակները փոխուին, նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուին եւ Արեւմտեան Հայաստանի որոշ շրջաններ մեզի յանձնուին առանց պատերազմի: Այլ հիմնական գործօն մըն է մեր հաւատքը դէպի տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս հզօր Հայաստան, որ իրաւունք պիտի ունենայ տարածքային պահանջ դնելու Թուրքիոյ: Իսկ ամենակարեւոր գործօնը, որ մինչեւ օրս հայոց եկեղեցին եւ սփիւռքը կ′անտեսեն՝ իսլամացած հայերու հարցն է»:
Մէջբերելով Հրանդ Տինքի վկայութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ 5 միլիոն իսլամացած հայերու գոյութեան մասին, ան նշեց, որ Հայ եկեղեցին, Հայաստանն ու սփիւռքը ակնյայտ վերապահութիւն մը ունին այս հարցին նկատմամբ: Ըստ Հալէպլեանի, Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարոյական պարտաւորութիւն պէտք է ունենայ այդ հատուածին հանդէպ, որպէսզի անոնք իմանան թէ իրենք պետականութիւն ունեցած են եւ ներկայիս հայ պետականութեան աջակցութիւնը կը վայելեն։ «Դժբախտաբար, այսօր ՀՀ իշխանութիւնները այդ առումով բաւարար վերաբերմունք ցոյց չեն տար: Կրնայ ըլլալ այդպէս ճիշդ կը նկատեն որոշ քաղաքական պատճառներով եւ անոր համար զգոյշ կը մօտենան այդ հարցին: Ցանկալի է, որ Հայաստանի պետութիւնը զօրավիգ կանգնի իսլամացած հայերուն, անոնց գիր, գրականութիւն եւ վերջապէս ներկայ տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցական հնարաւորութիւնները գործի դնելով կամ հեռուստաարձակումներ սկսելով այդ մարդկանց հանդէպ դրական վերաբերմունք ցոյց տայ»: Ան նաեւ շեշտեց, որ այն ժողովուրդը, որ իր հողին վրայ է, աւելի մեծ հնարաւորութիւն ունի այդ հողին տիրանալու, քան այդ հողէն դուրս ապրողը, օրինակ բերելով պաղեստինցիները, քիւրտերը եւ այլ պայքարող ժողովուրդներ:
Խօսելով այս ուղղութեամբ սփիւռքահայութեան խաղալիք դերին, ան աւելցուց. «Սփիւռքահայութեան կը մնայ հայկական սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւնը շարունակել, եկեղեցական, կրօնական, դաստիարակչական, մշակութային բաղադրիչներով թերեւս շարունակել, մինչեւ տեսնենք ուր կրնանք հասնիլ», համոզուած ըլլալով, որ Սփիւռքը իր քաղաքական գործունէութիւնը պէտք է կեդրոնացնէ հայաստանակեդրոն գործունէութեան վրայ: «Ճիշդ է, դժուար են պայմանները, քաղաքական մշակոյթ հասկացողութիւնը տակաւին չկայ, բայց սաղմերը դնելով կամաց-կամաց, տքնաջան, երկարաշունչ սակայն հաստատուն քայլերով եւ աշխատանքով կը մասնակցինք պետականաշինութեան սուրբ գործին»,-նշեց ան:
Յայտնելով, որ սփիւռքեան Ռամկավար կարգ մը շրջանակներ տակաւին իրենց մասնակցութիւնը չեն ունեցած ՌԱԿ-ի վերականգնման շարժումին եւ չեն միացած Հայաստանի ՌԱԿ-ին, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը շեշտեց, որ բոլորը պէտք է զիջին իրենց անձնական շահերէն եւ յաւակնութիւններէն հասնելու համար ընդհանուրին շահին: «Այսօր, մեր մէջ կան մտաւորականներ,քաղաքագէտներ եւ ազգային-հասարակական գործիչներ, որոնք իրենց գիտակցական կեանքին մեծ մասը անմնացորդ նուիրած են հայանպաստ գործունէութեան եւ այսօր ալ պատրաստ են իրենց ամբողջ մտաւորական քաղաքական փորձառութիւնը Հայաստանին նուիրելու»,-ըսաւ ան, դիտել տալով, որ եթէ այս մարդիկ իրենց յաւակնութիւններէն զիջած են, մնացեալն ալ պէտք է նոյնը ընեն: «Մեր կուսակցութիւնը ինքնանպատակ չէ մենք հոս եկած ենք ոչ միայն ՌԱԿ-ին ծառայելու այլ անիկա միջոց դարձնելու հայրենիքի հզօրացման՝ տնտեսապէս, քաղաքականապէս եւ ռազմականօրէն: Աւելի կարեւոր է Հայաստանի հզօրացումը քան՝ մեր անհատական եւ խմբակային յաւակնութիւններն ու շահերը, քան՝ Լիբանանի երեսփոխանական կամ Կլենտէյլի քաղաքապետի աթոռը»,-ըսաւ ան:
Անդրադառնալով սփիւռքահայութեան իրավիճակին՝ Ռամկավար գործիչը դիտել տուաւ. «Շատ մը կուսակցականներ կ′ուզէին օգնել Հայաստանին, սակայն ապակողմնորոշուած են ու երկմտութիւն մը կ′ապրին, որովհետեւ սփիւռքի մէջ կառոյցներ ունին, եւ կը մտածեն, թէ ինչ պիտի ըլլայ անոնց վիճակը» յիշեցնելով, որ «անոնք պէտք է լաւ իմանան, որ կուսակցութեան քաղաքական ապագան անկախ Հա՛յաստանի մէջ է եւ քաղաքական աշխատանքները՝ խորհրդարանին մէջ»։
Ան շեշտեց, որ Ռամկավարութիւնը միայն սահմանադրական եւ օրէնսդրական միջոցներով կատարուած իշխանափոխութեան կը հաւատայ, այսինքն բոլոր քաղաքական հոսանքներու հետ քաղաքական եւ քաղաքավար մրցակցութեան մէջ մտնելով եւ կտրականապէս դէմ է բռնի ուժի, յեղափոխութեան կամ քաղաքացիական ցնցումներուն: «Օրինական ձեւերով մրցակցինք ՀՅԴ-ի, Հանրապետական կուսակցութեան, ՍԴՀԿ-ի եւ այլ կուսակցութիւններու հետ եւ թո՛ղ իւրաքանչիւրը իր քաղաքական հարթակը ներկայացնէ ժողովուրդին, ան ալ իր կարգին թող ընտրէ իր նախընտրած կուսակցութեան, ազատ պէտք է ըլլայ ժողովուրդը իր ընտրութեան մէջ»,- ըսաւ ան:
Ըստ Հալէպլեանի, ՌԱԿ-ի՝ հայաստանակեդրոն դառնալը «Պատմական երեւոյթ է, որուն նախադէպը պատմականօրէն կայ, երբ 1918-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ, Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը, որ ՌԱԿ-ի արեւելեան Հայաստանի շրջանակն էր, անմիջապէս Թիֆլիսէն Երեւան տեղափոխեց իր կեդրոնը եւ անցաւ պետականաշինութեան գործին, ունենալով երեք նախարարներ եւ եօթ պատգամաւորներ»,-եզրափակեց Հալէպլեան: