Գնահատանք եւ Շնորհակալութիւն

Պրն. Տօնօյեան շրջապատուած Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի ներկայացուցիչներով

Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը այսու կու գայ իր խորին գնահատանքը ու շնորհակալութիւնը յայտնելու Օթաուայ բնակ Տէր եւ Տիկ. Կարօ Տօնօեաններու, որոնք

գնահատելով ու քաջալերելով  մարմինիս տարած միասնական գործակցութիւնը ու անոր տուած դրական արդիւնքը  կը նուիրեն 10,000 տոլար:

Վստահ ենք թէ անոնց տուած բարի օրինակը պիտի հրահրէ մեր համայնքի անդամները

բերելու իրենց բարոյական ու նիւթական մասնակցութիւնը կարենալ շարունակելու,  մարմինիս կողմէ տարուած ազգանուէր գործունէութիւնը: