2016-ին Հայաստանի կառավարութիւնն ու ՀԿ-ները պէտք է ջանքեր գործադրեն, որպէսզի սուրիահայերը ապրին եւ բարգաւաճին այս երկրին մէջ: Այս մասին Փետրուար 24-ին, «Հումանիտար արձագանգէն մինչեւ կայուն որոշումներ» աշխատանքային գիտաժողովին ելոյթ ունենալով՝ ըսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը:
Անոր խօսքով` վերջին 2-3 տարիներու ամենակարեւոր խնդիրը Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ընդելուզումն է: «Յուսանք, որ յետագայ տարիներուն մենք պիտի կրնանք ընել աւելին, որպէսզի Հայաստանը սուրիահայերուն համար դառնայ գրաւիչ երկիր, պիտի կրնանք զգալի աւանդ ներդրել ընդելուզման գործընթացին մէջ: Ատիկա սուրիացի փախստականներուն պիտի օգնէ դառնալ Հայաստանի լիարժէք քաղաքացիներ: Պէտք է սերտօրէն համագործակցիլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որպէսզի մեծցնենք նուիրատուական օգնութիւնը»,- ընդգծած է Փանոսեանը: