1890-ականներուն թուրքերու կողմէ իրականացուած հայերու զանգուածային սպաննութիւններու ժամանակէն սկսած հայկական հարցը առկայ եղած է սիոնական շարժման մէջ, նոյնիսկ մինչ առաջին Սիոնական գոնկրսի կայացումը: Համաշխարհային սիոնականութեան հիմնադիր Թէոտոր Հերթցէլի ռազմավարութիւնը կառուցուած էր փոխանակման գաղափարի շուրջ, այսինքն՝ Պաղեստինի ճանաչման եւ հրէական պետութեան հաստատման համաձայնութեան դիմաց հրեաները պէտք է մարէին Օսմանեան կայսրութեան ահռելի պարտքը: Հերթցէլ անօգուտ ջանք կը թափէր Սուլթան Համիտ Բ-ին համոզելու ընդունիլ իր առաջարկը։ Այս մասին Haaretz-ի մէջ գրած է Երուսաղէմի հրէական համալսարանի կրթութեան ու մշակոյթի պատմութեան մասնագէտ դոկտ. Ռէյչըլ Էլպոյմ-Տրորը:
«Սուլթանին փող առաջարկելու փոխարէն՝ անոր տուէք հայկական հարցի քաղաքական աջակցութիւն, եւ ան շնորհակալ կ’ըլլայ եւ կ’ընդունի ձեր առաջարկը՝ գոնէ մասամբ»,- Հերթէցլին ըսած է, անոր դիւանագիտական գործակալ Ֆիլիփ Մայքլ Նեւլինսկին (որ նաեւ եղած է սուլթանի խորհրդականը):
Եւրոպայի քրիստոնեայ երկիրները քննադատաբար կը մօտենային իսլամներու կողմէ հայ քրիստոնեաներու սպաննութիւններուն, եւ տարբեր վայրերու մէջ հայերուն օժանդակող կոմիտէներ կը ստեղծուէին, Եւրոպան հայ ապստամբութեան ղեկավարներուն ապաստան կ’առաջարկէր: Այս իրավիճակը շատ կը բարդացնէր Թուրքիոյ՝ Եւրոպական դրամատուներէն վարկեր ստանալու գործը:
Հերթցէլ անմիջապէս կ’ընդունի խորհուրդը: Ան կը զգար, որ պէտք էր ամէն ճիգ իրականացնել հրէական պետութեան հաստատումը արագցընելու համար: Այդպիսով ան կը համաձայնի գործիք դառնալ սուլթանին համար եւ հայ ապստամբ առաջնորդներուն կը փորձէ համոզել, որ եթէ անոնք յանձնուին, ապա սուլթանը կը կատարէ անոնց որոշ պահանջները: Հերթցէլ նաեւ կ’աշխատէր Արեւմուտքին ցուց տալ, որ Թուրքիան փաստօրէն աւելի մարդկային է, քան կը կարծուի, եւ ան հայ ապստամբներուն հետ այսպէս վարուելէ բացի այլ ելք չունէր: Հրեայ առաջնորդը մեծ ջանքերու շնորհիւ 1901 թուականի 17 Մայիսին նաեւ հանդիպում կ’ունենար սուլթանին հետ։
Սուլթանը յոյս ունէր, որ յայտնի լրագրող Հէրթցէլ կը կարողանայ փոխել Օսմանեան կայսրութեան բացասական դէմքը: Եւ այսպէս՝ սուլթանի ցանկութիւնը ի կատար ածելու համար Հէրթցէլ կեդրոնացած կերպով գործի կ’անցնի ՝ հանդիսանալով խաղաղութեան միջնորդ: Ան կապեր կը հաստատէ եւ գաղտնի հանդիպումներ կ’ունենայ հայ ապստամբներու հետ՝ փորձելով զանոնք համոզել դադարեցնել զինուորական գրոհները: Սակայն հայերը համոզուած չէին անոր անկեղծութեան, եւ չէին վստահիր սուլթանի խոստումներուն: Այս նպատակով Հերթցէլ նաեւ եռանդուն փորձեր կը ձեռնարկէ իրեն ծանօթ՝ Եւրոպական դիւանագիտական կապերով հասնիլ իր ուզածին:
Ինչպէս բնորոշ էր իրեն՝ ան այլ սիոնական առաջնորդներու հետ չէր խորհրդակցէր եւ իր գործունէութիւնը գաղտնի կը պահէր: Բայց օգնութեան կարիք ունենալով՝ ան աւելի ուշ ստիպուած կ’ըլլայ գրել Մաքս Նորտաուին՝ անոր այդ գործին մէջ ներգրաւելու նպատակով: Նորտաու կը պատասխանէ մէկ բառէ կազմուած հեռագրով. «Ո՛չ»: Թուրքերէն Պաղեստինի հրովարտակը ստանալու իր ջանքերուն յաջորդող ամենամեայ սիոնական գոնկրէսի ժամանակ, հակառակ ներկայացուցիչներու ընդդիմութեան,Հէրթցէլհրապարակայնօրէն կը յայտարարէ, որ սիոնական շարժումը իր հիացմունքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէ սուլթանին:
Այդ հարցին մէջ Հերթցէլի գլխաւոր հակառակորդը Պեռնարտ Լազարէն էր՝ ֆրանսացի հրեայ մտաւորական, ձախակողմեան, յայտնի լրագրող եւ գրաքննադատ, որ ակնառու կերպով պայքարած էր Տրէյֆուսներու դատին դէմ եւ «հայկական հարց»ին աջակից էր: Զինք կը բարկացնէր Հերթցէլի գործունէութիւնը, եւ որպէս արդիւնք այդ լարուածութեան ան 1899 թուականին դուրս կու գար սիոնական կոմիտէէն եւ ընդհանրապէս կը լքէր շարժումը: Լազարէ բաց նամակ կը գրէր Հերթցէլին, ուր հարց կու տար անոր, թէ ինչպէս անոնք, որպէս հին ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, որոնց պատմութիւնը գրուած է արեամբ՝ կրնան բարեկամական ձեռք մեկնել մարդասպաններուն, եւ ինչպէս սիոնական գոնկրէսի ոչ մէկ պատգամաւոր իր բողոքը կը բարձրացնէ:
Այս բոլորը, պարզապէս օրինակ են , այն մասին, թէ ինչպէս հրեայ մեծ առաջնորդը համամարդկային արժէքները ստորադասելով յանուն հրէական պետութեան կը ծառայէր թուրք հեղինակութիւններուն: Իսրայէլը անընդհատ հանդիպած է այսպիսի ողբերգական տիլեմաներու եւ որուն վկայութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան փաստի մերժումը, ինչպէս նաե շարք մը այլ որոշումներ, որոնք կ’արտացոլեն համամարդկային արժէքներու եւ քաղաքական նկատառումներու միջեւ իրական հակասութիւն եւ լարուածութիւն: