ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրը Կանաչ կլիմայական հիմնադրամին կողմէ ստացած է 20 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ՝ ամբողջ Հայաստանի տարածքով ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու, ծախսերը, ինչպէս նաեւ ածխածինի երկօքսիտի արտանետումը նուազեցնելու համար: Ուժանիւթի ոլորտին մէջ տրուող այս դրամաշնորհը առաջինն է Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ եւ երկրորդը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ֆինանսաւորումը ծրագիրի խումբին կարելիութիւն կու տայ արդիականացնելու շուրջ 6000 ընտանիքներու բնակարաններու եւ 150 հանրային շէնքերու, ներառեալ դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու արտաքին պատերը, մուտքը, տանիքները, առաստաղները, պատուհանները եւ յատակները: Ծրագիրին նպատակն է լուծում տալ տուներու եւ հանրային շէնքերու ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան խնդիրներուն՝ այդպիսով նուազեցնելով անտառահատումները եւ ուժանիւթի սպառումը:
«Սա ամենամեծ ներդրումն է, որը մեր գրասենեակը երբեւէ ստացել է: Մենք հպարտ ենք՝ պատկերացնելով, թէ այս ներդրումը ինչ կարող է նշանակել մեր երկրի ապագայի համար», ըստ Armenpress.am-ի յայտնած է ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակի կլիմայական փոփոխութիւններու փորձագէտ Տիանա Յարութիւնեան: