Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայըր հեղինակաւոր The Huffington Post-ին մէջ հրապարակած է յօդուած մը «Ինչո՞ւ ԵԱՀԿ-ը անփոխարինելի է Եւրոպայի անվտանգութեան համար» խորագիրով, որուն մէջ անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Շթայնմայըր նշած է, որ Մերձտնեսդրեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նման սառեցուած հակամարտութիւնները կը շարունակեն այդ շրջաններուն մէջ բնակող մարդոց համար յարուցել մեծ դժուարութիւններ:
«Մենք կ’ուզենք կայունացնել հրադադարը, կառուցել վստահութիւն, առնել փոքր, բայց իրական քայլեր մարդոց ամենօրեայ կեանքը բարելաւելու նպատակով, ինչպէս, օրինակ, մեծցնել տնտեսական շրջանառութիւնը: Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, սահմանագծին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին զինուած բախումները մտահոգուելու լուրջ առիթ դարձած են: Գերմանիան հանդէս կու գայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ բանակցային գործընթացի անմիջականացման օգտին: Կարեւորագոյն քայլ պիտի ըլլայ այնպիսի մեքենականութեան ստեղծումը, որ պիտի քննէ հրադադարի խախտման դէպքերը»,- ընդգծած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որուն կարծիքով այժմ աշխարհը կ’առերեսուի Պաղ պատերազմէն յետոյ Եւրոպայի խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնացող ամենամեծ վտանգին հետ: