Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սվիթալսքին Չորեքշաբթի՝ 3 Փետրուար 2016-ին Երեւանի մէջ խօսած է Հայաստանի մէջ արտագաղթի, ԵՄ-ի հետ վիզայի կարգի ազատականացման հնարաւոր վտանգներուն մասին:
Հանդէս գալով «Սփիւռքի ներգրաւման նորարարական ռազմավարութիւնը եւ մօտեցումները` երեխաներուն առնչուող բարեփոխումներու ոլորտին մէջ» համաժողովի բացումին` Փիթըր Սվիթալսքին նկատած է, որ Եւրոմիութիւնը կ’աջակցի Հայաստանին` նուազեցնելու եւ կանխելու արտագաղթերու հոսքերը:
«Հայաստանը գաղթողներու երկիր է: Հայկական սփիւռքը շատ աշխոյժ է եւ բաւական հզօր լոպպի է շատ երկիրներու մէջ: Հայկական սփիւռքը նաեւ դէպի Հայաստան օտարերկրեայ ներդրումներու աղբիւր է, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ աշխարհի միջեւ մշակութային կամուրջ: Սփիւռքը նաեւ նիւթական աջակցութեան հնարաւորութիւն է, մասնաւորապէս` դրամական փոխանցումներու տեսքով: Բայց անկեղծ ըլլանք, այդ փոխանցումները կը քաղցրացնեն իրավիճակը: Անոնք, որոնք արտասահման են, շատ աւելի մեծ օգուտ կրնան տալ, եթէ մնան իրենց երկիրներուն մէջ»,- ըսած է ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարը:
Դեսպանին խօսքով` ԵՄ-ն, ըլլալով Հայաստանի ամենամեծ նուիրատուն, կը ցանկայ օգնել ՀՀ իշխանութիւններուն` ստեղծելու պայմաններ, որպէսզի հայերը մնան Հայաստան:
«Մենք կը ցանկանք օգնել երիտասարդ հայերուն` ստանալու համապատասխան որակաւորում: Մեր ծրագիրներուն միջոցով մենք կը ցանկանք ստեղծել նոր աշխատատեղեր եւ հնարաւորութիւններ, որպէսզի հայերը, մասնաւորապէս` երիտասարդները, իրենց ապագան կապեն Հայաստանի հետ: Այս հողը չափազանց գեղեցիկ է, որ թոյլ կու տաք երիտասարդ տաղանդներուն երթալ եւ ապագայ փնտռել այլուր»,- նշած է Փիթըր Սվիթալսքին:
Ան նկատած է, որ այսօր ԵՄ-ն կը փորձէ լուծել Միջին Արեւելքէն դէպի Եւրոպա գաղթերու հոսքերուն խնդիրը, եւ ատիկա, որոշ իմաստով, կ’առնչուի ԵՄ այլ հարեւաններուն, որոնց շարքին` Հայաստանին:
«Հայաստանի հետ ԵՄ երկխօսութեան ծիրէն ներս վիզաներու դիւրացումէն մենք պէտք է անցում կատարենք մուտքի արտօնագրի ազատականացման: Այս մասին դիւրին չէ խօսիլ: Թէեւ Հայաստանի պարագային խօսք չկայ եւրոպական հասարակութիւններուն մէջ հայ գաղթականներու կլանման մասին: Հայերը լաւագոյններն են ընդելուզման տեսանկիւնէ: Անոնք շատ հարթ կ’ընդելուզուին արտասահմանի մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը պահպանեն իրենց ինքնութիւնը եւ մշակոյթը:
«Հետեւաբար, խնդիրը Եւրոպայի մէջ հայ գաղթականներու հոսքերու կլանման մասին չէ: Խնդիրն այն է, թէ այս երկրի` Հայաստանի հետ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ԵՄ-ն ազատականացնէ վիզային կարգը եւ բանայ սահմանները Հայաստանի համար: Ասիկա պէտք է հասկնալ»,- ընդգծած է դեսպանը:
Ան աւելցուցած է, որ ԵՄ-ն կը ցանկայ բաց սահմաններ ունենալ Հայաստանի հետ, սակայն, նախ եւ առաջ, կը ցանկայ համագործակցիլ ՀՀ իշխանութիւններուն հետ` զարգացնելու երկրի տնտեսութիւնը, որպէսզի «մարդիկ չհիասթափուին, եւ միայն աշխատանք գտնելու համար չլքեն Հայաստանը եւ մեկնին այլ երկիրներ»: