Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը ճանչցուած է Հարաւային Կովկասի մէջ բնակելու համար լաւագոյն քաղաքը:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը վկայեն «Mercer» միջազգային կազմակերպութեան հետազօտութիւններուն արդիւնքները:
Այսպէս, աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու վարկանիշային ցուցակին մէջ Երեւանը յայտնուած է 172-րդ տեղը: Հարեւան Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսը 187-րդ տեղը, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն` 196-րդ:
ԱՊՀ երկիրներէն Հայաստանին կը շրջանցէ միայն ՌԴ մայրաքաղաք Մոսկուան, որ վարկանիշային ցուցակին մէջ յայտնուած է 168-րդ հորիզոնականին: Քիեւն ու Ս. Փեթերզպուրկը՝ համապատասխանաբար 174-րդ եւ 176-րդ տեղերուն են:
Աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու հնգեակին մէջ յայտնուած են Վիեննան, Զիւրիխը, Օքլենտը, Միւնիխը եւ Վանքուվըրը:
Աշխարհի ամենավատ քաղաքներ ճանչցուած են Պաղտատը, Պանկին եւ Սանան: