Երեւանի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ» (Made in Armenia) հայկական արտադրանքի ու ծառայութիւններու ցուցահանդէսը: Բացման արարողութեան ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, նախարարներ, գործարարութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ այս ցուցահանդէսը հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանին ու Արցախին, մէկտեղելով ջանքերը, ցուցադրել տնտեսական հզօրութիւնը:
«Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին ընդառաջ սա էլ տնտեսութեան զօրահանդէսն է: Այս ցուցահանդէսով մենք կարողանում ենք մի քանի յստակ ուղերձներ յղել: Առաջինը, անկախ նրանից, թէ ինչպիսի արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներ են ձեւաւորւում, մեր արտադրողներն ի վիճակի են, ունակ են ստեղծել, արարել բարիքներ: Ի վիճակի են տալ ոչ թէ պարզապէս արտադրանք, այլ միջազգային մրցունակութեանը համապատասխանող արտադրանք: Երկրորդ ուղերձն մեզ բոլորիս է, աշխարհասփիւռ հայութեանը` որակեալ հայկական արտադրանքի ձեռք բերումն ու օգտագործումը հնարաւորութիւն է տալիս հզօրացնել մեր երկրի տնտեսութիւնը»,- ըսած է Արծուիկ Մինասեան:
Երրորդ ուղերձը, ըստ նախարարի պաշտօնակատարին, ուղղուած է թէ օտարերկրեայ, թէ ներքին ներդրողներուն: Ան ընդգծած է, որ ներդրելով Հայաստանի տնտեսութեան մէջ հնարաւոր է բազմապատկել շահոյթը:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Մկրտչեանի խօսքով` ցուցահանդէսին կը մասնակցի աւելի քան 300 ընկերութիւն Հայաստանէն եւ Արցախէն: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին ընկերութիւններ սնունդի, ոսկերչութեան, ոգելից խմիչքներու, թեթեւ արդիւնաբերութեան, դեղագործութեան, հանքարդիւնաբերութեան, շինանիւթերու, ճշգրիտ մեքենաշինութեան եւ տեղեկատուական արուեստագիտութեան ոլորտներէն:
«Կարծում եմ, որ այս ցուցահանդէսով հիմք կը դրուի մեծ ներդրումային ծրագրերի: Այն վերջին 25 տարիների ընթացքում Հայաստանի արտադրական ներուժը ցուցադրող ամենախոշոր միջոցառումներից մէկն է»,- ըսած է ան:
«Արտադրուած է Հայաստանի մէջ» 2016-ի ցուցահանդէսին հիմնական նպատակն է ցուցադրել Հայաստանի արդիւնաբերութեան առկայ ներուժը, զարգացման հնարաւորութիւնները, նպաստել նոր շուկաներու բացայայտման: