Եւրոմիութեան հետ նոր համաձայնագիրը պիտի նպաստէ օդանաւի տոմսերու աժանացման

Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ ընդհանուր օդային գօտիի մասին համաձայնագիրը կ’ենթադրէ շարք մը կարգաւորումներու ազատականացում:

«Օդագնացութեան ծառայութիւններ իրականացնելիս օդանաւային ընկերութիւնները կը գործեն հնարաւորինս ազատ դաշտում, կաշկանդուած չեն լինի թոյլտւութիւններով եւ պետական օդագնացութեան մարմինների հետ համաձայնեցումներով: Այսինքն` շուկայի ուսումնասիրութիւններում աւելի ինքնուրոյն որոշումներ կը կայացնեն»,- ըսած է Գարեգին Մելքոնեան «Մեդիամաքս»-ին:

Անոր խօսքով` «համաձայնագրի առկայութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի օդանաւագնացութեան շուկայի մէջ մրցակցութեան բարձրացման, որ կ’ենթադրէ տոմսերու աժանացում»:

Գարեգին Մելքոնեանի փոխանցմամբ` բացի ազատականացումէ համաձայնագիրը որոշ կարգաւորումներու հետ մէկտեղ կը  նախատեսէ համապատասխանեցում եւրոպական չափանիշներու հետ, ինչ որ ԵՄ օդանաւային ընկերութիւններու համար Հայաստանը պիտի դարձնէ աւելի ընկալելի եւ համընդհանուր կարգաւորում ունեցող երկիր:

Խօսելով ժամկէտներու մասին` փոխ նախարարը ըսած է, որ բանակցութիւնները հնարաւոր պիտի ըլլայ աւարտել քանի մը ամիսէն:

Հարցումին, թէ այս համաձայնագիրի առկայութիւնը պիտի նպաստի՞ Հայաստանի մէջ lօw-cost ընկերութիւններու աւելացման, Գարեգին Մելքոնեան պատասխանած է.
«Կարծում եմ, այս մասով նոյնպէս հետաքրքրութիւնը կ’աւելանայ: Աւիաընկերութիւնները իրենց հաշուարկները իրականացնելիս կ’իմանան, որ գործելու են աւելի ազատ կարգաւորում ունեցող շուկայում»:

ՀՀ կառավարութեան առընթեր Քաղաքացիական աւիացիայի գլխաւոր վարչութիւնը Դեկտեմբեր 6-ին յայտնած էր, որ «յառաջիկային կը նախատեսուի ձեւաւորել բանակցային խումբեր»: