Եւրոմիութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ բարեփոխումներուն ուղղուած 30 միլիոն Եւրոյի աջակցութեան ծրագիրը

Եւրոպական յանձնաժողովը ընդունած է Հայաստանին աջակցութեան 30 միլիոն եւրոյի նոր ծրագիրը: Աջակցութեան այս ծրագիրը պէտք է օգնէ Հայաստանին կատարելու բարեփոխումներ, որոնք ուղղուած են իր քաղաքացիներուն աւելի լաւ աշխատանքային հնարաւորութիւններ տրամադրելուն, երկրի ֆինանսական կառավարման ամրապնդման եւ ժողովրդավարական որոշումներու կայացման գործընթացին, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեան բարելաւման, կը գրէ Panorama.am-ը:

Ինչպէս կը տեղեկանանք Եւրոպական յանձնաժողովի կայքէն, յայտարարելով աջակցութեան այս փաթեթի մասին, Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանը ըսած է․«Այս նորացուած աջակցութիւնը մեր արեւելեան հարեւանին առիթ կու տայ վճռորոշ բարեփոխումներ իրականացնելու: Սա լաւ նորութիւն է Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, քանի որ այս բարեփոխումները, ըլլայ անիկա աւելի լաւ հանրային ծառայութիւններու կամ աշխատանքի աւելի մեծ հնարաւորութիւններու առումով, ուղղակիօրէն  օգտակար պիտի ըլլայ անոնց համար»:

«Աւելի լաւ որակաւորում` աւելի լաւ աշխատանքի համար» գործողութիւնը, որուն կը տրամադրուի 15 միլիոն եւրօ, պիտի ձգտի բարելաւելու Հայաստանի աշխատաշուկայի  եւ աշխատուժի արդիւնաւէտութիւն` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ զբաղուածութեան:

«Հանրային ֆինանսական քաղաքականութեան բարեփոխումներու ծրագիրը», որուն կը տրամադրուի 10 միլիոն եւրօ, պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ հանրային ծախսերու հաշտուողականութեան, թափանցիկութեան ու արդիւնաւէտութեան բարձրացման` միջազգային չափորոշիչներուն եւ փորձին համահունչ: Այս ծրագիրը պէտք է նաեւ օգնէ կանխելու կաշառակերութիւնը:

«Քաղաքացիական հասարակութեան հնարաւորութիւններ» ծրագիրը, որուն կը տրամադրուի  5 միլիոն եւրօ, պիտի ամրապնդէ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու կարողութեան` արդիւնաւէտօրէն մասնակցելու ժողովրդավարական որոշումներու ընդունման գործընթացին: Ծրագիրը պիտի բարելաւէ կազմակերպութիւններու կարողութիւնները` ներգրաւուելու քաղաքականութեան մշակման ու ուսումնասիրութեան: