Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) Երեւանի մէջ յայտնաբերած է զինեալ խմբաւորում մը որ նպատակ ունէր Հայաստանի տարածքին կազմակերպել շարք մը
Ահաբեկչական արարքներ: ԱԱԾ-ն կը յայտնէ թէ ՀՀ քաղաքացի, նախկին Երեւանի բնակիչ Արթուր Վարդանեան որ ժամանակէ մը ի վեր արտասահման կը բնակէր, վերադարձած է Հայաստան եւ սկսած է կազմակերպել յանցաւոր գործունէութիւն:
Նոյեմբեր 25-ին ոստիկանութիւնը խուզարկած է Երեւանի Նորք թաղամասի տուն մը եւ յայտնաբերած է տարբեր տեսակի ատրճանակներ, նռնակներ, այլազան պայթուցիկ նիւթեր եւ սարքաւորումներ, փամփուշտներ, ռազմական հանդերձանք, զրահաբաճկոններ, եւլն:
Նոյն տան մէջ խուզարկութեան օրը ձերբակալուած եւ Արթուր Վարդանեան եւ իր ինը գործակիցները:
Shamshyan.com կայքէջը Նոյեմբեր 25-ին կը հաղորդէ թէ հակա ահաբեկչական վարչութիւնը (ԱԼՖԱ) կանխած է լուրջ եւ մեծ յանցագործութիւն մը: