«Զինուորն ու Հրէշը՝» Հայ Բեմի Նոր Յաղթանակը

…Եւ ունեցան բեմական իրենց առաջին փորձառութիւնը:

Խախտեցին բոլոր ակնկալուած յուսախաբութեան օրէնքները: Խախտեցին բոլոր տարակուսանքի կանոններն ու բարձրացան հպարտութեան ու յաջողութեան աստիճաններէն:

Նոր «Հայ Բեմ» ի պատանիներու ու երիտասարդներու թատերախումբն էր ա’յդ:

21 եւ 26 Մայիս 2017:

Անկիւնադարձ մը նոր սերունդի ոգիներուն համար:

Կարգապահութիւնն ու բեմի հանդէպ անհուն սէրը դարձան մղիչ ուժը հասցնելու իրենց այդ փայլուն նպատակին:

Մայր մը ըսաւ,- «Զաւակս չի կրցաւ քնանալ ներկայացումին նախորդ գիշերը»:

Եթէ այսպէս կ’զգայ ու կը մտածէ, երբ տակաւին պատանի է, ուրեմն ի՜նչ լեռներ կրնայ շարժել երբ երիտասարդ է ու աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ ունի:

Այսպի’սի մթնոլորտի մէջ ծնունդ առաւ «Զինուորն ու հրէշը» ն: Այսպիսի մթնոլորտ ստեղծեց արուեստագիտուհի, բեմադրիչ Նանսի Իսսա Թորոսեանը:

Խուռներամ, ընտանիքի տարբեր խաւեր, խուժեցին թատերասրահ, ոմանք պատանիները քաջալերելու, ոմանք հետաքրքրութեան համար, իսկ մեծամասնութիւնը որովհետեւ կը հաւատար ապագայ սերունդի ուժին ու անոնց պատասխանատուութեան գիտակցութեան:

Եւ բարձրացաւ վարագոյրը…

… Եւ իջաւ վարագոյրը, յոտնկայս ու խելայեղ ծափահարողներու առաջ:

Նիւթը՝ պարզ էր ու այլ բարոյական ծալքերով օժտուած, ուր մարդ-արարածը կը փորձուի նիւթական ու աշխարհիկ գեղեցկութիւններն, որուն հետեւանքով, կը կորսնցնէ իր շուրջի բոլոր հարազատները նոյնիսկ մայրը: Սակայն կ’անդրադառնայ ու վերադառնալով իր նախկին վիճակին կը վայելէ «ամենայն երջանկութիւն» ը:

Օրուան կեդրոնական դերակատարներէն էր Սուսաննա Արմաղանեանը՝ ընթերցողի կամ նիւթը մեզի պատմողի դերով: Առաջին անգամ բեմ բարձրանալով եւ ամբողջ 45 վայրկեան կեդրոնացած պահելով հանդիսատեսները, ո’չ թէ դժուար է, ո’չ թէ արկածախնդրութիւն է, այլ միա’յն ու միա’յն հերոսուհիի մը քաջութիւնն է: Սուսաննա բազում ձիրքերով օժտուած պատանուհի մըն է, ուր երեւան եկան, դէմքի արտայայտութիւններ, ձայնի յարմար ելեւէջներ ու անսայթաք խաղարկութիւն: Պատմելու ատեն ուժգին, իսկ երգի պահուն մեղմ ու քնքոյշ ձայնը, տեղին համեմատ, կառավարելու իր բնազդը զգալի էր:

 

Դրօ Մելքոնեան – Զինուորի դերով – խաբուած, նախ անմեղ ու բարի տիպարը, յետոյ տարուած աշխարհի հաճոյքներէն, որմէ յետոյ յուսահատ երբ ամէն ինչ մութ էր ու սեւ եւ վերջապէս քաջութիւնը ունենալով յաղթելու նիւթին ու չարին, այս բոլոր կեանքի գունաւոր հակադրումները հարազատօրէն ներկայացուց Դրօն:

Արմէն Ալփին – Սատանայի դերով – բարի փորձութեան մատնող իր բնական խաղարկութիւնը զգալի էր բեմին վրայ: Ըսինք բնական: Պահ մը մենք ալ սկսանք անհանգիստ զգալ սատանային ներկայութենէն:

Հայկ Նագգաշեան՝ պանդոկապետ եւ Սարգիս Սամսոն՝ փռապան – համոզումով ամբողջացուցին երկուստեք ստեղծուած տրամախօսութիւնը. եւ նոյն պահուն իրենց լաւ առոգանութեամբ աւելի յստակացուցին նիւթին ծալքերը: Գնահատելի էր Հայկի թմբուկի իր մասնակցութիւնը:

Լիսա Պարթեւեան – Գոյքերու շարժումի պատասխանատու – իր զուսպ ու նուրբ մուտք-ելքերը յամընթաց էին ներկայացման աշխուժութեան առանց խանգարելու հանդիսատեսին ուշադրութեան կեդրոնացումը:

Ներկայացումը պատրաստուած էր այլազան համեմներով:

Կասիա Նագգաշեան՝ (տկն. Նազելի) հաճելի գիւղացիի դերով, որ զբաղուած էր իր ծաղիկներով, ջերմօրէն իր քովիկը ունենալով իր աղջիկը՝ Զէրլինա Օհաննէսեանը: Կային նաեւ Նարէ Արմէնեանը շնորհալի պարով, մայրը՝ Սարին Կոստանեանը. Դաւիթ Չիլինկիրեանը, որ իր մեղմ ու անոյշ ձայնով մեզ հմայեց, Մարիամ Սամսոնը իր պարով, Արաքս Արմէնեանն ու Այտա Արապաթլեան փոխն ի փոխ ներկայացան իբրեւ իշխանուհի եւ վերջապէս Ադրիան Ղազարեանը գինեպանի դերով, թէեւ ան աւելի աչքառու էր դաշնակի նուագածութեամբ:

Կարելի չէր անտեսել յաւելուածական օգնութիւններ տանողները. առանց անոնց՝ ներկայացման գեղեցկութիւնը ամբողջական կարելի չէր համարել:

Հոն էին Արի Ալփին, Ռիթա Վարդանեանը եւ Լորի Էլակէօզը իբրեւ բեմայարդար: Պիտոյքներու պատասխանատու Անի Գազանճեան, Լիսա Պարթեւեան Լօրի Էլակէօզ եւ Լիսա Պարթեւեանը: Հագուստներու պատասխանատու Նորա ու Աննա Գավքաս:

 

Մեր շատ սիրելի Թոմաս Շահպազեանը աներեւակայելի իր արհեստավարժ մասնագիտութեամբ մեզ հմայեց: Ջութակն ու աղեղը սեղմած էր, ոչ թէ նուագելու այլ անոնց հետ խօսելու ու երգելու համար: Մագնիսացած՝ հազիւ կրնայինք հետեւիլ իր մատներուն արագութեան ու ճկունութեան: Եւ ան տակաւին 13 տարեկան չէ եղած:

 

Երաժշտական մէջբերումները գունաւոր ազդեցութիւն մը ձգեցին: Հաճոյքով ունկնդրեցինք Դաւիթ Չիլինկիրեանի երգը, անսխալ ու անոյշ ձայն մը, զգայուն երանգներով (tone) որ արժանացաւ ծափահարութեան:

Հոս արժանի է յիշել, թէ երաժշտական պատասխանատուն էր Նորա Գավքաս, պատասխանատուութիւն մը, որ կը պարփակէր՝ ջութակ, երգեր, դաշնակ, թմբուկ եւ պարեր, բոլորն ալ պատշաճ՝ բեմին, դերակատարներուն կամ ձայներուն: Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել Պարոյր Լապաճեանի ճարտարօրէն պատրաստած ու ճշգրտօրէն գործածած ձայնի խաղերը (sound effects):

Մեզի ծանօթ Գէորգ Թորոսեանի պատկերահանութեան նուրբ արուեստը, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ ներկայ էր:

Կ’ըսեն գիրք մը իր կողքէն կը դատուի, ուրեմն արհեստավարժ (Professional) Էլիզ Պօղոսեանի յայտագրի պատրաստութիւնը միշտ իր եզակի տեղը կը գրաւէ, ուր մի’շտ կը ձգէ աչքառու առաջին տպաւորութիւնը: Անհրաժեշտ էր նաեւ բեմավարներու ներկայութիւնը յանձինն Գրիգոր Ոսկերիչեան, Արփի Սողոմոնեան, Ռաֆֆի Սարգիսեան եւ Փալիկ Լատոյեան: Իսկ ենթավերնագրութիւնը (surtitres) պատրաստուած էր Փալիկ Լատոյեանի եւ Գրիգոր Ոսկերիչեանի կողմէ:

Տիկն. Քրիստինէ Տրդատեան-Գույումճեան – ինչպէս շատ անգամ – եղած էր թարգմանիչը այս գողտրիկ բնագրին. խանդավառութեամբ միշտ փափաքած էր, որ այս թատերգութիւնը ներկայացուի, ու վերջապէս ան “հասաւ իր մուրազին”: Յայտագիրին մէջ տիկն. Տրդատեան-Գույումճեան որքան հարազատօրէն կը մաղթէ,- «որոնցմէ մէկ հոգի մը իսկ եթէ ներշնչուի Թէքէեանի Հայ Բեմ էն ու ելլէ անուանի բեմեր՝ մեր գոհունակութիւնը ստացած կ’ըլլանք»:

Վերջապէս հրաւիրուեցաւ օրուայ նախագահուհին՝ տիկն. Վարդուհի Պալեանը: Յուզումէն բոլոր մարմնով կը դողար: Դողդոջուն քայլերով բարձրացաւ բեմ: Արդեօք ինչ՜ կը մտածէր նախկին տնօրէնուհին: Արդեօք, տարիներ ետ գացած էր ու կը յիշէր իր աշակերտները որոնք կը ճռուողէին դասարաններուն մէջ: Արդեօք կը յիշէր անցեալի այն տղաքը, որոնք այսօր համալսարանականներ կամ կեանքի ասպարէզին գիրկը նետուած, կ’օրհնէին իրենց առաջին դաստիարակը: Բոլոր սրահն ալ յուզումէն սկսած էր դողալ: Համակ սրտաշարժ ալիք մը տիրէր:

Նանսի Իսսա Թորոսեան՝ մշակում եւ բեմադրութիւն «Զինուորն ու հրէշը» ին:

Պահ մը առկախ պահենք իր բոլոր արուեստի, արդիականութեան, գեղեցկութեան կամ թատերական բացառիկ ու անուրանալի կարողութիւնները:

Պահ մը առկախ պահենք ու կեդրոնանանք յայտնութեան մը վրայ, որ ինք ստեղծեց:

Միայն պատանիներու հանդէպ սէր ու վստահութիւն, կամ ազգային հեռատեսութիւն՝ պատրաստելու համար նոր սերունդ մը եւ ջամբելու՝ անոնց մէջ հայկական մշակոյթն է, որ համարձակութիւնը տուաւ Նանսիին նմանօրինակ քայլ մը առնելու:

Այո’, վստահութիւն ունեցաւ անոնց վրայ, մանաւանդ անոնց ծնողներուն վրայ: Տուաւ իր արուեստի ուժն ու փորձառութիւնը, գործնականօրէն մասնակցելու համար հայապահպանման աշխատանքին… եւ յաջողեցաւ…: Ունեցաւ այդ առաքելութեան տեսիլքը եւ… փոխանցեց զայն՝ մեզի:

… Եւ ասո’ր համար շնորհակալ է Թ.Մ.Մ.-ը թերեւս եւ համայն գաղութը

Երկրորդ ներկայացումէն ետք, Ուրբաթ 26 Մայիսին, Թ.Մ.Մ. Վարչութիւնը մասնակցութեամբ ծնողքներուն, պատրաստած էր հիւրասիրութիւն մը, «Հայ Բեմ» ի այս նոր թատերախումբի անդամներուն:

Համեղ ուտելիքներու, զովացուցիչներու ու յորդառատ գինիի ազդեցութեան տակ, հպարտ ծնողներն ու իրենց դերակատար զաւակները արժանավայել կերպով տօնեցին իրենց յաջողութեան յաղթանակը:

 

Պերճ Գոգորեան