«Մեր ճամբան գտած ենք եւ պիտի շարունակենք ընթացքը»
Հ.- Ընկ. Հրաչ Գույումճեան, շնորհակալ ենք այս առիթին համար, որ խօսինք ՌԱԿ-ի վերականգնումի այս պատմական հանգրուանին մասին: Նախ, կրնա՞նք խնդրել որ դուք ձեզ ներկայացնէք:
Պ.- Ծնած եմ Պէյրութ. նախնական կրթութենէ ետք ուսանած եմ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, յետոյ Լոնտոնի Համալսարանէն ստացած եմ տոքթորայի աստիճան, առաջին մասնագիտութիւնս ըլլալով՝ մետաղային թունաւորում (environmental heavy metal poisoning), եւ աւելի ուշ՝ Science Technology Innovation: Բաւականին լաւ ծանօթ եղած եմ հայկական գաղութներուն: Առաջին եւ մեծ գոհունակութիւն պատճառող համայնքը, որ կազմակերպեցի եւ յանձնեցի ՀԲԸՄ-եան եղաւ Ալպանիայի հայ գաղութը: ՄԱԿ-ի մէջ ստանձնած եմ բարձրաստիճան պաշտօններ, Լիբանանի մէջ պաշտօնավարած եմ Նախագահական Պալատին մէջ եւ եղած եմ Նախագահի խորհրդական մը: Փոքր տարիքէս մաս կազմած եմ ՀԲԸՄ-եան մանկապատանեկան խումբերու, ՀԵԸ-ի, ապա՝ՀԲԸՄ-ի Կրթական ու Շրջանակային Յանձնաժողովներու: Ազգային կեանքի մէջ աշխատանքներս եւ փորձառութիւններս տարածուած են ՀԲԸՄ-եան կողքին՝ նաեւ ԹՄՄ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ուրիշ բարեսիրական ծիրերէն ներս: Իմ պաշտօններուս բերմամբ լայնատարած ճամբորդութիւններ կատարած եմ, ապրած եմ եւ աշխատած եմ Փարիզ, Մոնաքօ եւ այժմ հաստատուած եմ Լոնտոնի մէջ:
Հ. Ձեր հայրը՝ Համբարձում Գումրույեան, եղած է ՌԱԿ-ի ղեկավար դէմքերէն: Ան ազդեցութիւն մը ունեցա՞ծ է ձեր ազգային գործունէութիւններուն վրայ:
Պ. Հայրս երբեք չէ պնդած, ոչ ալ հակառակած է որ անդամակցիմ ՌԱԿ-ի կամ այլ կազմակերպութիւններու: Նոյնպէս՝ տիկինս: Մեր տունը եղած է ազգային կեանքով լեցուն օճախ մը եւ այդ մթնոլորտը վստահաբար ունեցած է դեր մը իմ կեանքի ուղղութիւններուն վրայ: Ես ընդհանրապէս ուրախութեամբ գործած եմ ազգային կեանքին մէջ:
Հ. Անցեալ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՌԱԿ-ի ընդհանուր ժողով մը, որ կարելի է ըսել՝ պատմական եւ անկիւնադարձային հանգամանք մը ունէր: Քանի մը օր առաջ ունեցաք նման ժողով մը Նիւ Ճըրզիի մէջ: Կրնա՞ք այդ մասին անդրադառնալ:
Պ. Անցեալ Հոկտեմբերի ժողովը Երեւանի մէջ պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ երկար ժամանակաշրջանի զարգացման ընթացք (process) մը: Ժամանակները փոխուած են: Սփիւռքի որոշ կազմակերպութիւններ խարխափումի մէջ են. ժամանակավրէպ ըլլալու վտանգին առջեւ գտնուեցանք: Մեր Ծրագիր-Կանոնագիրը ծերացած ու «մաշած» է եւ կը կարօտի հիմնական վերանայման: Մեր ունեցած կանոնադրութիւնը չկարողացաւ աւելի քան 20 տարիներէ ի վեր եռացող մեր հարցերը լուծել: Ամէն ճիգ ըրինք որ ճեղքը գոցուի, բայց չեղաւ: Պալարը հասունցած էր եւ պայթեցաւ: Բայց ինչպէս անգլերէն արածը կ’ըսէ՝ «ամէն ամպի շուրջ կայ արծաթեայ երիզ մը»: Նոր տեսլական մը անհրաժեշտ էր, որ համադրուած ըլլայ աշխարհի նոր տեսլականին հետ: Յստակացաւ մեր նոր կառուցուածքը. նկատի ունենալով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի վերջին քառորդ դարու զարգացումները, եւ համաշխարհային նոր դրուածքներու լոյսի տակ, ՌԱԿ-ը կը վերածուի Հայաստանակեդրոն կազմակերպութեան մը: Եզրակացուցինք թէ պէտք է կուսակցութիւնը վերակառուցուի նոր տեսլականի մը հիմքով, եւ ցանցային դրութեամբ մը (network), ինչպէս որ այսօր կը ղեկավարուին աշխարհի շատ մը կազմակերպութիւններ: Մեր պարագային, այս համացանցի կառոյցը ունեցաւ չորս գլխաւոր կեդրոններ՝ Հայաստան-Արցախ, Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ: Եւ այս բոլորին որպէս մէկ գլուխ, կազմեցինք մեր «Գերագոյն Խորհուրդը», որ 12 հոգիներէ կազմուած մարմին մըն է եւ ունի խորհրդականներու ցանց մը: Վարչական կազմը կը բաղկանայ, նախագահ՝ Վարդան Նազիրեան, փոխ-նախագահ՝ Էտմոն Երուանդ Ազատեան, Ընդհանուր Քարտուղար՝ Հրաչ Գույումճեան, գործիչ՝ Յակոբ Վարդիվառեան, գանձապահ՝ Գէորգ Մարաշլեան, երէց խորհրդական՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, եւ աշխարհի տարբեր շրջաններէ, ի պաշտօնէ՝ Յակոբ Աւետիքեան (Երեւան), Տանիէլ Եուսուֆեան (Պուէնոս Այրէս), Զաւէն Եկաւեան (Փարիզ), Մելքիսէթեան (Պէյրութ), Վարդան Իլանճեան (Նիւ Եորք), Վարդգէս Գուրուեան (Լոս Անճելըս), Խորէն Գալինեան (Գահիրէ ), առաւել երեք հոգի Հայաստանէն:
Հ. Ակնարկեցիք ՌԱԿ-ը որպէս «Հայաստանակեդրոն» կազմակերպութիւն: Կրնա՞ք բացատրել այդ հանգամանքի կարեւորութիւնը:
Պ. Հայաստանը մեր ժողովուրդի կորիզն է, կեդրոնն է, սիրտն է, եւ մեր ամբողջ աշխատանքը պէտք է կեդրոնանայ Հայաստանը եւ Արցախը զօրացնելու որպէս մեր գոյութեան գրաւականը: Արդէն ունինք Հայաստանի ՌԱԿ-ի կեդրոնական Վարչութիւնը ղեկավարութեամբ Յակոբ Աւետիքեանի, մեր սեփական կեդրոնով, մամուլով, շրջանային մասնաճիւղերով: Վերջերս հոն եւս աշխուժութիւնը, մանաւանդ երիտասարդական գործունէութիւնը, նոր թափ ստացած է, ինչպէս որ մամուլի մէջ կը կարդանք այդ մասին: Մեր միւս ազգային կուսակցութիւններն ալ (ՀՅԴ եւ ՍԴՀԿ) իրենց կեդրոնական վարչութիւնները հաստատած են Հայաստան:
Հ. Գերագոյն Խորհուրդի ժողովները եւ՞ս կը կայանան Երեւանի մէջ:
Պ. Սկսելով մեր առաջին ժողովէն որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ անցեալ Հոկտեմբերին, ունեցանք Երեւան-2, Նիւ Ճըրզի-1, Երեւան-3, Պոստոն, Նիւ Ճըրզի-2 ժողովները, առաւել շաբաթական հեռաձայնային ժողովներ: Այս ժողովներէն Երեւան-3-ը եղաւ անկիւնադարձային. հոն էր որ որոշուեցաւ կուսակցութեան «Հայաստանակեդրոն» կարգավիճակը եւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը Հայաստանի ՌԱԿ-ին հետ: Իսկ վերջին Նիւ Ճըրզի-2 ժողովը (Մարտ 24-26) եղաւ առաջին լիագումար Գերագոյն Խորհուրդի ժողովը: Հոն դիւանը յստակացաւ, աշխատանքային դրութիւնները որոշուեցան, երիտասարդական աշխատանքներու մասին որոշումներ առնուեցան եւ մեծ քայլով մը յառաջացանք, առանց անտեսելու Սփիւռքը:
Հ. Կարելի պիտի ըլլա՞յ հաշտեցնել կուսակցութեան Հայաստանի եւ Սփիւռքի կանոնագրերը:
Պ. Երեւան-3 ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց միաձուլումը Հայաստանի եւ Սփիւռքի ՌԱԿ-ին. մէկ կուսակցութիւն, մէկ դրօշ, մէկ զինանշան եւ մէկ կանոնադրութիւն: Հայաստանի ՌԱԿ-ը պետականօրէն արձանագրուած է, ունի իր կանոնագիրքը եւ կարելի չէ հակասել Հայաստանի պետական օրէնքներուն: Ատով հանդերձ, կարելի է կարգ մը յօդուածներ պատշաճեցնել Սփիւռքահայ կեանքին: Մեր Սփիւռքի կանոնադրութիւնը պէտք է հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուի: Մենք կրնանք թելադրել առանց դուրսէն միջամուխ ըլլալու: Կարելի պէտք է ըլլայ երկուքը «ամուսնացնել»: Ասիկա պիտի կարօտի նուազագոյնը մէկ տարիի: Մեր ճամբան գտած ենք եւ պիտի շարունակենք ընթացքը: Կայ խմբաւորում մը որոնց հետ հասարակ յայտարար մը կարելի չեղաւ գտնել դժբախտաբար, եւ անոնք փորձեցին արգելք հանդիսանալ: Բոլոր անոնք որոնք կուսակցութեան երդում տուած են մեր ընկերներն են. մենք թշնամութիւն չունինք որեւէ մէկուն հետ: Բոլոր անոնք որոնք լուսանցքի վրայ նստած կը սպասեն, կրնան գալ եւ մասնակցիլ այս նոր շարժումին: Մեր աշխատանքը պիտի շարունակենք մեր հասկցած ձեւով: Դրական կացութիւն մը արդէն ստեղծուած է:
Շնորհակալութիւն ընկ. Գույումճեան եւ յաջողութիւն ձեր առաքելութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն ձեզի եւ «Ապագայ»ին, այս զրոյցին համար:
27 Մարտ 2017 Յ.Ա.