Երկուշաբթի՝ 8 Փետրուար 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ ԵՄ անդամ պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ` Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պեոտր Սուիտալսգիի նախաձեռնութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, նախորդ ամիս Պրիւքսէլի մէջ կայացած ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան խորհուրդի նիստի արդիւնքներուն, նոր շրջանակային համաձայնագրին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն: