Կիրակի՝ 6 Մարտ 2016-ին, հրաւէրովը Մոնթրէալի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Էօժէն Բաբազեան Ակումբի վարչութեան, տեղւոյս Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնին մէջ պրանչ-նախաճաշով ընդունելութիւն մը սարքուած էր ի պատիւ վերջերս Մոնթրէալ տեղափոխուած Սուրիահայ ՌԱԿ-եան անդամներու եւ անոնց ընտանիքներուն:
Ճոխ եւ այլազան համադամներով եւ ուտեստեղէններով հիւրասիրուելէ ետք, խօսք առաւ տեղական ակումբին երկարամեայ վարչական ու համայնքիս նուիրեալ ծառայող՝ ընկ. Նուպար Պապիկեան, որ արագ ակնարկով մը ներկայացուց խտացուած պատմութիւնը Մոնթրէալի ՌԱԿ-ի գործունէութիւններուն, որ կը ցոլացնէր Մոնթրէալահայ գաղթօճախի կազմութեան ու արագ զարգացման մէջ ՌԱԿ-ի եւ անոր ղեկավարութեան կեդրոնական դերին՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, ՀԲԸՄ-եան ու Ալեք Մանուկեան ամենօրեայ վարժարանի կազմութեան եւ բարգաւաճման մէջ: Ընկ. Պապիկեան շեշտեց թէ այս նորածին հայ գաղթօճախին մէջ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի յարատեւ ճիգերով է որ սկսան ու զարգացան զանազան ժամանակաշրջաններու բեղուն գործունէութիւններ քաղաքական, կրթական, մամուլի ու հրատարակչական, թատերական, երաժշտական, պարախումբի, նկարչական ցուցահանդէսներու, ամառնային քէմբի, ռատիօժամի եւ հեռուստատեսութեան, պատանեկան ու երիտասարդական շարժումներու ծրագիրներ, միշտ վայելելով ՀԲԸՄ-եան ցկեանս նախագահ եւ ազգային մեծագոյն բարերար ողբ. Տիար Ալեք Մանուկեանի ամբողջական վստահութիւնը ու զօրակցութիւնը, հանդէպ ընկ. Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի գլխաւորած ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի անձնուէր խումբին:
Հակիրճ ելոյթներ ունեցան Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան, ընկերուհի Այտա Գարիպեան, որոնք շեշտեցին ՌԱԿ-ի ոչ-ինքնանպատակ այլ ընդհանրական ազգային շահերու ի նպաստ առաքելութիւնը: Խօսք առաւ նաեւ «Ապագայ» Շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիր պրն. Աւետիս Պագգալեան, ինքնին նախկին Հալէպահայ, որ շուրջ չորս տարիէ ի վեր իր ստանձնած խմբագրի պաշտօնին բերմամբ ինքզինք հարազատօրէն հայկական ազնիւ շրջապատի մէջ կը զգայ, եւ մաղթեց որ իր հայրենակիցները եւս մաս կազմեն այս ջերմ հայկական շրջանակին:
Օրը շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցներով որ փոխադարձ ծանօթացումներու առիթը ընծայեց ներկաներուն: Շնորհաւորելի են Մոնթրէալի ՌԱԿ-ի ակումբի նուիրեալները այս հաճելի եւ ազգօգուտ նախաձեռնութեան համար:
Ա.