ԵԳԻՊՏՈՍ
Տողերուն, թուղթերուն, գիրքերուն ու հատորներուն մէջ չէ՛ որ կ’ապրին բանաստեղծութիւնները…
Մեզ հետ են անոնք, երբ մեր առօրեային, մեր միտքերուն, խօսքերուն ու օրինակներուն մէջ են…
Կը վերակենդանանայ Սեւակը՝ Մեծ, երբ կը յիշենք որ՝ «նորից չեն սիրում, սիրում են կրկին…»։
Կոմիտասով ալեկոծուած անոր հոգին անգամ մը եւս կը խայտայ երբ «Դու ամենայն հայոց երգի վեհափառն ես» կ’ըսենք Կոմիտասին՝ «Ծովասարը մեր երգերուն» եւ «մշտահունչ մեր զանգակատան»…
Անգամ մը եւս կը ծաղկի Սիլվա Կապուտիկեանին յուզավառ հոգին, իւրաքանչիւր «Խօսք Իմ Որդուն»ը, կամ արդէն հիմնի վերածուած «Հայոց Աշխարհ»ը հնչելուն…
Վերապրեցանք մենք խորհուրդը այս երկու մեծերուն…
Կոկանեան Սրահի Մշակութային Յանձնախումբին կազմակերպած, Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100- ամեակի եւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 95- ամեակի առիթներուն նուիրուած ընթերցումի երեկոն, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, սոյն թուականի Փետրուար 27-ին, Թէքէեան սրահէն ներս։
Ընթերցումի այս երեկոն վարեց եւ երկու հեղինակները շատ պատշաճ ներկայացուց, 2015-էն Գահիրէ բնակող, ՀԲԸՄ-ի «Տեղեկատու» պարբերականի խմբագիր՝ դոկտ. Մարուշ Երամեան։
Ութ գիրքերու հեղինակ է դոկտ. Երամեան, երկուքը՝ պատմուածքներ, վեցը՝ բանաստեղծութիւն։
Մտերմիկ էր ընթերցման երեկոյին մթնոլորտը…
Կոկանեան սրահի Մշակութային Յանձնախումբը ընթերցման այս երեկոյին համար ընտրուած բանաստեղծութիւններէն կազմուած գրքոյկ մը պատրաստած էր, որուն մէջէն ներկաները, սիրով ընտրեցին Սեւակի եւ Կապուտիկեանի իրենց նախասիրած բանաստեղծութիւնները…
Գրեթէ բոլոր ներկաները հաճոյքով ընթերցեցին. չընթերցողն ա՛լ, ունկնդրեց, գրքոյկը բռնած հետեւեցաւ եւ հաւանաբար տարուեցաւ բանաստեղծութեան խորհուրդով՝ միստիք…
Ե՛ւ Մշակութային Յանձնախումբին ե՛ւ ներկաներուն համար առանձնապէս ոգեւորիչ էր Եգիպտոսի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր նորանշանակ Դեսպանին ազնուափայլ տիկնոջ՝ Տիկին Աննա Գրիգորեանին հաճելի մասնակցութիւնը ընթերցումի այս երեկոյին…
Տիկին Աննան բարձր գնահատեց Մշակութային Յանձնախումբը, այս ձեռնարկի կազմակերպութեան համար եւ մե՜ծ խանդավառութեամբ ներկաներուն ընթերցեց ո՛չ միայն գրքոյկին մէջ առաջարկուած բանաստեղծութիւններէն, այլե՛ւ իր հետ բերած գիրքերէն…
Մեզի մնաց նշել որ երեկոյի ընթացքին ընթերցուած բանաստեղծութիւններու կողքին, նաե՛ւ հնչեցին Սիլվա Կապուտիկեանի խօսքերով գրուած «Հայոց Աշխարհ» եւ «Էլէկիա» երգերը, որոնք շատ յուզառատ անմիջականութեամբ կատարուեցան Մշակութային Յանձնախումբի Ատենապետուհի՝ Տիկին Լալա Շամամեանի եւ դաշնակահարուհի՝ Սեւան Սեմէրճեանի կողմէն…
Շնորհակալութիւն այս միջոցառման յաջողութեան բոլոր մասնակիցներուն։
Ընթերցման այս երեկոներուն, եթէ ոչ մի՛շտ, ապա գոնէ՝ երբեմն կրկնուող աւանդոյթի մը վերածուելու մաղթանքով…
Սեւան Սեմէրճեան