Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած յայտնի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակի յանձնման երեկոյի ժամանակ ելոյթ ունեցած է` անդրադառնալով սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու անհրաժեշտութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով Իսթանպուլի հայկական «Ակօս» պարբերականը, Աքչամ նշած է, որ պատմութեան հետ առերեսումը նախ եւ առաջ կարեւոր է սպաննուած ու ոչնչացուած մարդոց պատուելու տեսանկիւնէն:
«Կոտորածն ու ոչնչացումը ի ճիգ կը դարձնեն հասարակութեան արդարութիւնն ու խիղճը: Արդարութիւնը վերականգնելու համար անհրաժեշտ է առերեսուիլ անցեալին եւ փոխհատուցել անարդարութեան ենթարկուած հատուածներու կրած վնասները: Եթէ կը ցանկանաք այսօր կառուցել հասարակութիւն մը, որ հիմնուած է մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանքի, հաւասարութեան եւ արդարութեան վրայ, ապա անցեալի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն հետ առերեսումը կարեւոր պայման է»,- նշած է Աքչամ:
Թուրք պատմաբանը աւելցուցած է, որ հասարակութիւնները, որոնք բախած են իրարու, պիտի կարենան խաղաղութեան մէջ ապրիլ միայն անցեալի մէջ եղած խնդիրներու մասին խօսելէն եւ առկայ խնդիրները լուծելէն ետք: «Եթէ հերքենք պատմութեան մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, ապա կը նշանակէ, որ կայ նոյն յանցագործութիւնը կրկնելու հաւանականութիւնը: Նոյնիսկ եթէ դուք չէք առերեսուիր պատմութեան հետ եւ կը խուսափիք անկէ, միեւնոյնն է, անիկա ձեզ կը հետապնդէ: Ուրուականի պէս կու գայ ձեր ետեւէն եւ հանգիստ չի ձգեր: Պատմութեան բեռը մեր ուսերուն դրուած է եւ մղձաւանջի նման կը հետապնդէ մեզ»,- ընդգծած է ան:
Թուրք պատմաբանը իր ելոյթին մէջ նշած է, որ նախորդ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան մասնատման եւ ազգ-պետութեան ստեղծման ընթացքին այդ հողերը վերածուած են արեան լիճի: «Այսօր պետութիւնը գովողները շատ արագ մոռցան, որ անոր սահմանները միլիոնաւոր մարդոց արեամբ գծուած են»,- ըսած է Աքչամ:
Ան մէջբերած է 2005 թուականին Տիարպէքիրի մէջ Հրանդ Տինքի ելոյթէն հատուած մը, ուր «Ակօս»-ի նախկին խմբագրապետը, դիմելով քիւրտերուն, ըսած էր. «Լաւ ուսումնասիրէք, թէ մեր գլխուն ինչ եկած է, դաս քաղեցէք մեր հետ տեղի ունեցածէն»: «Շատերը եղան, որ բարկացան, մեղադրեցին զայն: Սակայն Հրանդը շատ իրաւացի էր: Անոր ըսածը այն է, որ այս աշխարհագրութեան մէջ էթնիկ հիմքի վրայ քաղաքական լուծումները մեծ ողբերգութիւններ ու աւերածութիւններ յառաջացուցած են եւ պիտի յառաջացնեն: Այդ էր պատճառը, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը, ժողովրդավարական հիմքերու վրայ նորէն երկիր կառուցելը անոր ամենամեծ երազանքն էր: Հրանդը նոյն այս երազանքի պատճառով սպաննուեցաւ: Աւելի ճիշտ, սպաննուեցաւ նման երազանք ունեցող հայ ըլլալուն պատճառով: Կամ Հրանդ Տինքը, ինչպէս Մարթին Լութըր Քինկը Ամերիկայի ժողովուրդներու համար, կ’ապրի որպէս քաղաքացիական իրաւունքներու առաջնորդ, եւ մենք այս հողերուն վրայ անոր երազանքը կեանքի պիտի կոչենք, կամ ալ այս աշխարհագրութեան մէջ աւելի շատ արիւնահեղութեան վկան պիտի դառնանք»,- եզրափակած է թուրք պատմաբանը: