Թեհրան կը քննարկէ Հայաստանի վրայով Ռուսիա հասնելու կարելիութիւնը

Վերջերս,  Իրանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարէն Խանլարեան, «Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Թեհրանի մէջ կը քննարկուի Հայաստանի օգնութեամբ ԱՊՀ երկիրներ թափանցելու կարելիութիւնը։

Անոր համաձայն՝ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերացումէն ետք Հայաստանի համար մեծ հեռանկարներ կը բացուին: «Այդ տեսանկիւնէ առաջին ձեռքբերումը առնչուած է հաղորդակցութեան ուղիներուն: Քանի մը օր առաջ Հայաստանի կապի եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Գագիկ Բեգլարեան այցելած է Իրան, եւ կ’ակնկալուի, որ արձանագրուին բաւական հետաքրքրական իրադարձութիւններ, որոնց արձագանգը մենք կը զգանք մօտ օրէն», ըսած է Խանլարեան: Հայ երեսփոխանը յոյս ունի, որ Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ զգալի փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան, յատկապէս տնտեսական եւ հաղորդակցութեան ոլորտներուն մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թեհրան ի՞նչ կեցուածք ունի իրանական ելեկտրական կայաններու մատակարարման համար Հայաստանի տարանցիկ երկիր դառնալու հեռանկարին նկատմամբ՝ Կարէն Խանլարեան ըսած է. «Ի հարկէ, պետական շրջանակներու մէջ կը քննարկուի այս կարելիութիւնը՝ ո՛չ միայն ելեկտրականութեան, այլ նաեւ առեւտրային իմաստով»։