Թեսա Հոֆման. «Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով կը գործէ ինչպէս 1915–ին»

Գերմանիոյ իշխանութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով կը գործեն ինչպէս 1915 թուականին:

Նման դիտարկում, ըստ Armenpress.am-ի, կատարած է գերմանացի յայտնի ցեղասպանագէտ Թեսա Հոֆմանը:

Թէպեւ Գերմանիոյ Պունտըսթագը Փետրուար 25-ի իր օրակարգին մէջ ներառած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուող հարցը, սակայն քննարկման յաջողութիւնը կասկածելի է:

Հոֆմանը պատճառը կը կապէ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւններուն հետ, որոնց առանցքին վերջին ամիսներուն առանցքային տեղ կը զբաղեցնէ փախստականներուն հարցը:

«Ասիկա կարելի է համեմատել 1915 թուականի իրավիճակին հետ, երբ պաշտօնական Գերմանիան մոռցած էր բոլոր մարդկային ու մարդասիրական արժէքները յանուն գերմանա-օսմանական ռազմական համագործակցութեան: Թէեւ հարցը արդէն խորհրդարանի օրակարգին վրայ է, սակայն ես խիստ կը կասկածիմ, որ խնդիրը պիտի քննարկուի»,– ըսած է ան:

Ըստ Հոֆմանի՝ համաձայն գերմանական ԶԼՄ-ներուն մէջ տարածուած տեղեկատւութեան` Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունը արդէն խառնուած է գործին` կապուած փախստականներու ճգնաժամի առնչութեամբ ընթացող թուրք-գերմանական եւ Թուրքիա-ԵՄ քննարկումներու հետ: «Այս իրադրութեան պայմաններուն մէջ Գերմանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը հնարաւոր ամէն բան պիտի ընէ` չլարելու Անգարայի հետ յարաբերութիւնները»,- աւելցուցած է ան:

Հոֆման ցաւով նշած է, որ ո՛չ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը, ո՛չ ալ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու դէմ իրականացուող պայքարը` քրտական քաղաքացիական բնակչութեան հասցուած վնասով հանդերձ չի կրնար փոխել իրադրութիւնը: «Այս երկրին մէջ նման քաղաքականութեան քննադատները շատ եւ ազդեցիկ չեն կանգնեցնելու համար այս ամենը»,- նշած է ցեղասպանագէտը:

Թեսա Հոֆման փաստած է, որ նոյնիսկ եթէ Փետրուար 25-ին խորհրդարանական քննարկումներ իրականացուին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով, անոնց յաջողութիւնը խիստ կասկածի տակ է:

«Շատ փոքր է հաւանականութիւնը, որ ընդդիմադիր «Կանաչներու կուսակցութիւնը» պիտի ստանայ անհրաժեշտ աջակցութիւն իշխող միախառն կառավարութեան` պահպանողականներու եւ սոցիալ-դեմոկրատներու կողմէն»,- ըսած է ան: