Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տիկնանց յանձնախումբի յաջող Տօնավաճառը

Ապրին մեր գաղութին ձեռներէց տիկինները որոնք իրենց յոգնած ձեռքերով, այս տարի եւս մեր հաստատութիւններուն, մեր եկեղեցիներուն առողջ գոյատեւման համար բերին իրենց սիրայօժար օժանդակութիւնը:

13 Նոյեմբերի պայծառ Կիրակի առաւօտուն Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնը եւս տօնական երեւոյթ զգեցած էր, «Տօքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահին մէջ պէս պիսուն գոյներով յարդարուած սեղաններու առարկաները պատրաստ էին վաճառուելու: Տիրական էր ճաշակն ու կանոնաւորութիւնը:

Տօնավաճառ էր:

Բացման արարողութեան սկզբնաւորութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ արժանապատիւ Հայր Արի Քհնյ. Թանաշեան գնահատանքի խօսքերով քաջալերեց կազմակերպիչ յանձնախումբը:

bazar1Տէր Հօր աղօթքէն վերջ օրուան նախագահուհի Տիկ. Այտա Գարիպեան կատարեց ժապաւէնի հատումը հետեւեալ խօսքերով՝

Կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել Թէքէեանի պազարի ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր ժրաջան տիկիններուն գլխաւորութեամբ Տիկին Անի Թորիկեանի որոնք ամիսներ ամբողջ աշխատեցան եւ իրենց աջակցութիւնը բերին այս օրուայ յաջողութեան:

Ուրախ եւ հպարտ կը զգամ որ զիս արժանի գտաք կատարելու այս օրուայ բացման արարողութիւնը: Ձեր բոլորին յաջողութիւն կը մաղթեմ որպէսզի կարողանաք շարունակել ձեր այս կարեւոր աշխատանքը: Վարձքերնիդ կատար սիրելի տիկիններ.

Շնորհակալութիւն Տէր Հայր ձեր ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:

Տիկին Այտա Գարիպեան կու գայ մշակութասէր ընտանիքէ:

Մոնթրէալ գաղութի կազմաւորման առաջին տարիներէն սկսեալ Գարիպեան ընտանիքը բերած է իր դրական աջակցութիւնը: Անոնք եղած են մեր եկեղեցւոյ, առաջնորդարանի հաւատաւոր բարերարները: Տիկին Այտան իր երաժշտական կարողութենէն բաժին բերած է, տարիներ ամբողջ մեր բեմերը զարդարելով արհեստավարժ իր գեղեցիկ ձայնով:

Տօնավաճառի հոծ թիւով այցելուները գոհացում ստացան գնելով տնային առարկաներ, տիկիններու յատուկ պայուսակներ, վզնոցներ, զարդեղէններ, գիրքեր մանուկները հետաքրքրող նպաստաւոր գիներով խաղալիքներ: Տօնավաճառի ամբողջ տեւողութեան սպառեցան խմորեղէններ, անուշեղէններ, իսկ աւանդական Մանթըէն եւ խճողակին պահանջքը մեծ էր: Համեղ ճաշերու սպասարկութիւնը անթերի էր: Հաւաքական, համերաշխ աշխատանքի արդիւնք էր այս տօնավաճառը, որ տուաւ իր պատուաբեր արդիւնքը: Անխնայ աշխատող հոյլ մը տիկինները այս տարի եւս գլխաւորեց, շնորհալի կերպով եւ բացառիկ կանոնաւորութեամբ Տիկ. Անի Թորիկեան:

Յաւերժ եւ դալար մնան ազգին բարօրութեան ծառայող բոլոր ձեռքերը:

Վ. Պալեան