Տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Նանսի Իսսա Թորոսեանի այս ներկայացումը իր բարդ ու բազմամարդ տարողութեամբ, նոր մրցանիշ մը կը նուաճէ հայ թատրերգութեան պատմութեան տարեգրութեան մէջ: Արդարեւ, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայ Բեմ» թատերախումբի արագօրէն աճող անձնակազմը կը բաղկանայ աւելի քան 85 նուիրեալներէ, որոնց գլխաւոր դէմքերը կատարելագործուած եւ արհեստավարժ (professional) մակարդակի հասած են: Նանսի արդէն իսկ ինն բեմադրութիւններ կատարած է ցարդ Մոնթրէալի, Օթթաուայի, Թորոնթոյի եւ Գահիրէի (Եգիպտոսի) մէջ: Իր բեմադրութիւնները բարձրօրէն գնահատուած են տեղական բեմարուեստի միութիւններու կողմէ, ինչպէս՝ Քէպէք նահանգի Paul Buissonneau մրցանքին գրաւելով աւարտական տեղը:
Իտալացի թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան Էտուարտօ տը Ֆիլիփօ (1900-1984) 17-րդ դարու դղեակի մը մէջ ապրող ենթադրեալ ուրուականներու շուրջ հիւսած է իր պատմութիւնը, ծիծաղաշարժ բարդութիւններով: Գործը հայերէնի թարգմանած է գաղութիս ծանօթ արուեստաբան-գրագէտ՝ տիկին Քրիսթինէ Տրդատեան-Գույումճեան: Թատրերգութեան հայացումը կատարուած է բաւականին «ազատութեամբ», մատչելի դարձնելու համար զայն մեր հանրութեան, առանց սակայն նսեմացնելու երկին գրական եւ գեղարուեստական արժանիքները: Ներկայացման ընթացքին ֆրանսերէն լեզուով կատարուած է խօսակցութեան ենթագրութիւնը (sur-titrage):
Ներկայացումը ընթացաւ առանց միջնադադարի, պահելու համար ներկայացման առոյգ թափը, մանաւանդ որ մօտ 15 դերասաններով արագօրէն կը զարգանար պատմութիւնը: Ներկայացման թերեւս ամենամեծ յաջողութիւնն էր բոլոր դերակատարներու անսայթաք ու սահուն խաղարկութիւնը: Յատկապէս ուշագրաւ էին շէնքին պահապան Ռաֆայէլի(Վիգէն Ֆռունճեան), Իտալերէնով շեշտաւորուած թուրիսթ Կասթոնի (Յակոբ Րէճէպեան), Վարձակալ Փասքուալէ Լոյագոնոյի (Րաֆայէլ Խաչատուրեան) եւ իր կողակիցի դերով՝ Մարիայի (Արփի Սողոմոնեան), Մարիյայի սիրահար՝ Ալֆրէտոյի (Ներսէս Խաչոյեան), անոր կողակից՝ Արմիտայի (Քլոի Պալեան) այնքան բնական ու հարազատ խաղարկութիւնը: Ներկայացման երգիծականութիւնը գագաթնակէտի կը հասցնէին Փրոֆէսէօրի դերով՝ Փաթրիք Քամել եւ թիւահար ու հիսթերիք Գարմելայի դերով՝Սիլվա Ամատունին: Հարազատ խաղարկումով հանդէս եկան նաեւ երկու բեռնակիրները՝ Անթոնիօ (Աբրահամ Տէմիրճեան) եւ Վալերիօ (Վրէժ Այվազեան), իսկ Արմիտայի մօր ՝ Մակտալէնայի եւ հօր՝ Սավէրիոյի դերերով ուշագրաւ էին Սօնիա Գալէմճեանի եւ Արամազդ Իսրայիլեանի խաղարկութիւնը, որոնք իրենց մանուկներով՝ Արմէն Ալփին եւ Անժելա Մարտիրոսեան աւարտին հասցուցին այս խիստ հաճելի բեմադրութիւնը:
Անուրանալի եւ գնահատելի են լուսաւորումի, զգեստաւորումի, ուրուականներու, լսատեսողական եւ տէքորի պատասխանատուները, որոնք ստեղծած էին 18-րդ դարու ազնուական դասակարգի հարազատ միջավայրը: Աւելին, այդ մթնոլորտը ամբողջացաւ գաղութիս ծանօթ, դասական երգերու բարձրօրէն գնահատուած երգչուհի Արմինէ Գասապեանի կողմէ կատարուած դասական օփերայի մեներգով մը:
Շնորհաւորելի են այս ներկայացման յաջողութեան սատարող բոլոր մասնակիցները եւ օժանդակողներու աւելի քան երկու տասնեակ տարբեր մարզերու մասնագէտները:
Այս հիանալի թատրերգութեան երկրորդ եւ երրորդ բեմադրութիւնները կատարուեցան նոյնպէս Théàtre Beaubois-ի սրահին մէջ, Շաբաթ եւ Կիրակի Մայիս 14 եւ 15-ին, իսկ յաւելեալ մէկ ներկայացում մը եւս տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 29 –ին:
Յ.Ա.