ԺՈՂՈՎԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ «ԱՊԱԳԱՅ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ABAKANEWS.ORG ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հիւրընկալութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղին, Շաբաթ 10 Հոկտեմբեր 2015-ին գումարուեցաւ Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մասնաճիւղերու 34-րդ Պատգամաւորական ժողովը մասնակցութեամբ 30 պատգամաւորներու:
Հիւրընկալ մասնաճիւղի ատենապետ Արթօ Մանուկեանի բարեգալստեան խօսքերէն ետք կատարուեցաւ պատգամաւորներու ստուգումը: Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեան իր բացման խօսքերուն մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ տարուան գլխաւոր հարցը հանդիսացած՝ Հոլիւուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի նիւթական եւ աշակերտութեան թիւի տագնապալի կացութեան, որ Կեդրոնական Վարչութեան գրեթէ շաբաթական հեռաձայնային ժողովներու նիւթն էր եւ անխուսափելի դարձած էր դպրոցին դադրեցումը անցեալ Յունիսին ու կալուածի վաճառքը, որպէսզի կարելի ըլլար կուտակուած պարտքերու փակումը: Ան ներկայացուց Միութեան տնտեսական հարցերու պատասխանատու Մայքըլ Նորհատը որ յատկապէս հրաւիրուած էր Քլիվլէնտէն ժողովի ընթացքին լուսաբանութիւններ տալու համար այժմու եւ յետագայի մատակարարման մասին:
Կեդրոնական վարչութիւնը իր գրաւոր մանրամասնեալ տարեկան նիւթական եւ գործունէութեան տեղեկագիրը տրամադրած էր, իսկ իւրաքանչիւր մասնաճիւղի տեղեկագիրը ներկայացուցին անոնց պատգամաւորները: Քննարկուեցան նաեւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի, «Հայ Բեմ» եւ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբերու գործունէութիւնները: Շեշտուեցաւ կարեւորութիւնը «Ուսուցիչ մը Հովանաւորէ» ծրագրին, որ տարեկան կը յատկացնէ մօտ 45 հազար տոլար ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի հինգ Թէքէեանի անուան վարժարաններու ուսուցիչներու:
Կէս օրուան ճաշի դադարէն ետք, երկրորդ նիստի ընթացքին աւելի մանրամասնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի փակումին եւ կրթական այլ ծրագրի մը որդեգրումի մասին Լոս Անճելըսի աւելի հայաշատ շրջանի մը մէջ. այդ ուղղութեամբ Կեդրոնական Վարչութիւնը նախատեսած է յատուկ յանձնախումբ մը, ուսումնասիրելու հաւանականութիւնները: Որոշուեցաւ նաեւ վերակազմել Գործադիր Մարմինը որպէսզի անընդհատ շարունակուին ուսուցիչ մը հովանաւորելու ծրագիրը եւ միջ- մասնաճիւղային մշակութային գործունէութիւնները: Քննարկուեցան Միութեան կեդրոնները՝ Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան Կեդրոն» , Մոնթրէալի , Նիւ Եորք Նիւ Ճըրզիի եւ Թորոնթոյի կեդրոններու կարիքները եւ անոնց օգտագործումի զարգացումները: Ի վերջոյ քննարկուեցաւ Միութեան նիւթական տեղեկագրութիւնը եւ դպրոցաշէնքի վաճառումէն գոյացած գումարներու, գոյութիւն ունեցող կտակներու եւ ներդրումներու վերանայումը, մասնագէտ Մայքըլ Նորհատի բացատրութիւններու հիման վրայ: Ընկալեալ սովորութեան մը համաձայն, ժողովը որոշեց այս տարուայ գործօն մասնաճիւղի «Տիգրան Սմսարեան» բաժակը յատկացնել Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին: Նոյնպէս որոշուեցաւ յառաջիկայ Պատգամաւորականը կայացնել Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ:
Թղթակից