Փետրուար 21-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ Ճէյմս Գարիճիանիսին:
Ճէյմս Գարիճիանիս 2017 Փետրուար 20-ին ԼՂՀ սահմանադրական հանրաքուէին որպէս միջազգային դիտորդ ներկայացուցած է Գանատայի կառավարութիւնը:
Ողջունելով հիւրին՝ նախարար Հրանուշ Յակոբեան բարձր գնահատեց գանատացի քաղաքական գործիչի ակտիւ դիրքորոշումը ազգային փոքրամասնութիւններու շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հիմնախնդրի լուծման ուղղութեամբ, կարեւորեց վերջին տարիներուն իրականացուցած գնահատելի աշխատանքը: «Ես ուրախ եմ Ձեզ ողջունելու, տեղեակ եմ Ձեր հայանպաստ գործունէութեանը: Յոյները եւ հայերը մօտ են ազգային հոգեկերտուածքով, պատմութեամբ ու աւանդութիւններով»:
Ճէյմս Գարիճիանիսը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, շեշտեց, որ սիրով եւ ոգեւորութեամբ է որ կ’այցելէ Հայաստան: Ան նշեց՝ «Սա իմ երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան . օրերս եղայ Արցախ եւ շատ տպաւորուած եմ այդ փոքրիկ երկրով ու անոր հերոսական ժողովուրդով: Ես իսկապէս կը հասկնամ եւ կը գնահատեմ ձեզ, ծանօթ եմ ձեր ժողովուրդի պատմութեանը: Եղած եմ Վան, Սասուն, Տիարպէքիր, շատ հանդիպումներ եմ ունեցած հայերու հետ»:
Գարիճիանիսը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործով ունեցած աւանդին համար 2014 թուին պարգեւատրուեցաւ Արցախի «Ոսկէ» մետալով: