Թուրքիա այցելող Ռուս զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է 98.5, Իսկ գերմանացիներունը` 44.9 տոկոսով

2016 թուականի Յունիսը համարուած է Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան պատմութեան մէջ ամենավատ ամիսը, քանի որ զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է 50 տոկոսով: Այս մասին՝ ըստ ermenihaber.am-ի՝ կը յայտնէ թրքական «Milliyet» թերթը` ներկայացնելով Անթալիոյ օդակայանի տուեալները զբօսաշրջիկներու թիւին վերաբերեալ:

Ըստ այդ տուեալներուն` Յունիս 1-16 Անթալիա այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը անցեալ տարուայ համեմատ նուազած է 58.7 տոկոսով, որոնց մէջ` ռուս զբօսաշրջիկներուն թիւը կտրուկ անկում ապրած է` 98.5 տոկոսով, իսկ գերմանացիներուն թիւը նուազած է 44.9 տոկոսով:

2015 թուականի Յունիս 1-16-ին Անթլիա մեկնած 732.353 զբօսաշրջիկ, իսկ այս տարի նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը կազմած է 302.522:

Ամենամեծ անկումը արձանգրուած է ռուս զբօսաշրջիկներու շրջանին: Եթէ նախորդ տարի նոյն ժամանակահատուածին Անթալիա մեկնած է 241.320  ռուս զբօսաշրջիկ, իսկ այս տարի նշեալ ժամակահատուածին անոնց թիւը կազմած է 3.517 մարդ: 2014-ի Յունիս 1-16 ժամանակահատուածին Անթալիոյ մէջ հանգիստ անցնելու մեկնած էր 318 հազար ռուս զբօսաշրջիկ:

Գերմանացի զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է գրեթէ 50 %-ով: Անցեալ տարի Յունիս 1-16 Անթալիա իրենց հանգիստը կազմակերպած էր 213.735 Գերմանիոյ քաղաքացի, իսկ այս տարի թիւը նուազած է 44.9 տոկոսով` հասնելով 117.845-ի:

40 եւ աւելի տոկոսով նուազած է նաեւ Ղազախիստանէն, Զուիցերիայէն, Շուէտէն, Աւստրիայէն, Հոլլանտայէն, Չեխիայէն եւ Լեհաստանէն Անթալիա մեկնած զբօսաշրջիկներուն թիւը:

Իսկ ահա 2016-ի առաջին կիսամեակին (Յունուար 1-էն Յունիս 16) Անթալիա այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է  44.3 տոկոսով` 2 միլիոն. 831 հազարէն` հասնելով 1 միլիոն 578 հազարի:

Կը նշուի, որ ոլորտի վրայ բացասական ազդեցութիւն ձգած են Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններու ճգնաժամը, ահաբակչական յարձակումները եւ պայթումները: