Ուէյն Մետսըն «Սթրաթիճիք Քալչըր Ֆաունտէյշըն»ի կայքին վրայ կը գրէ, որ արտասահմանի մէջ երեք նոր ռազմակայաններ կառուցելու Թուրքիոյ ծրագիրը ահազանգով դիմաւորելու փոխարէն՝ ՆԱԹՕն ողջունած է Անգարայի քայլը՝ զայն նկատելով կայունութեան նպաստող արարք մը: Մետսըն կ՛ըսէ.
«Սակայն այդ մէկը իրականութենէն հեռու է: Բազմաթիւ են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ՝ «Իսլամական պետութեան», «Ճապհաթ Նուսրա»ի եւ «Քայիտա»ի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու, Լիպիոյ մէջ՝ «Անսար Շարիաա»ի եւ Եգիպտոսի ու Թունուզի մէջ՝ «Իսլամ եղբայրներ»ու տրամադրուող թրքական աջակցութեան փաստերը: Հիթլերը գովաբանող նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Քաթարի, Սոմալիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ ռազմակայաններ կառուցելու ծրագիրը Թուրքիոյ յարձակողապաշտ, Նոր օսմանական եւ ռազմական քաղաքականութեան համահունչ են: Թուրքիա նաեւ կը կառուցէ իր առաջին օդանաւակիրը, ինչ որ Թուրքիոյ ծովուժին ներկայութիւնը պիտի ապահովէ Կարմիր ծովուն եւ Հնդկաց ովկիանոսին վրայ: Անգարա կը ծրագրէ նաեւ Վրաստանի մէջ կառուցել ռազմակայան մը, ինչպէս նաեւ այլ ռազմակայան մը՝ Ատրպէյճանի մէջ, հաւանաբար՝ Նախիջեւանի մէջ:
Թրքական ռազմակայաններ կառուցելու այդ ծրագիրները վրացական Ջաւախք եւ Ծալկա շրջաններու բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող հայերը մղած են Վրաստանէն անջատուելով՝ Հայաստանին միանալու մասին մտածելու: Տարածաշրջանին մէջ գտնուող հայերը 20րդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կենդանի յուշեր ունին: Վրացական հողի վրայ թրքական ռազմակայանի մը առաջարկը քննարկուած էր Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ Թիֆլիս կայացած հանդիպումի մը ընթացքին:
Հայաստանի համար մտահոգութիւններ յառաջացնելու կողքին,Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմակայանի մը գոյութիւնը ահազանգի պիտի մատնէ Իրանը, որ մտահոգ է «Իսլամական պետութեան» եւ սիւննի ծայրայեղական այլ խմբաւորումներու հետ Թուրքիոյ կապերով: Էրտողան անցեալին ատրպէյճանական ազգայնականութիւնը հրահրած էր Հայաստանի դէմ: Թուրքիան արտասահմանի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը ընդլայնելու իւրաքանչիւր քայլի մէջ ունի ՆԱԹՕի ամբողջական զօրակցութիւնը: Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ թրքական քայլերը կարելի պիտի չըլլային՝ առանց ՆԱԹՕի քաջալերանքին: Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր նպատակը Ռուսիան մեկուսացնելն է եւ ուղղակի ճնշում բանեցնել Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի նման անկախութեան ձգտող հանրապետութիւններու վրայ:
Թուրքիոյ շրջանային գերուժ դառնալու ծրագիրները նման ռազմակայաններով վերջ պիտի գտնէ՞: Էրտողանի եւ անոր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փանթուրքական ախորժակները կրնան ստեղծել յաւելեալ ռազմակայաններ՝ Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ: Ալպանիոյ հետ համաձայնութեան մը շնորհիւ, թրքական ծովուժը իրաւունք ունի օգտագործելու Վլորէ նաւահանգիստը: Թրքական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ Պոսնիոյ, Քոսովոյի, Ալպանիոյ եւ Մակեդոնիոյ մէջ իսլամ ալպանացիներու եւ պոսնիացիներու աջակցիլն ու լարուածութիւններու ստեղծումը ծանօթ է բոլորին:
Թուրքիա իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ հաստատած է ռազմակայան մը, իսկ Սուրիոյ մէջ կ՛օգտագործէ թիւրքմէն եւ սիւննի ցեղախումբերը: Թուրքերը երկար տարիներէ ի վեր կը ղեկավարեն ռազմակայաններ՝ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան մէջ: Թուրքիոյ աջակցիլը Կիպրոսի եւ Մակեդոնիոյ մէջ իսլամական անջատողականութեան, եւ նոյն ատեն պայքարիլը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրտական խմբաւորումներու դէմ, Ափրիկէի մէջ՝ սոմալական խմբաւորումներու դէմ, եւ Վրաստանի մէջ՝ հայկական խմբաւորումներու դէմ, կրնայ իրե՛ն դէմ դառնալ:
Երաշխիքներ չկան, որ Թուրքիոյ հանրապետութենէն պիտի չանջատուին թրքական Քիւրտիստանը, նախկին ասորական եւ հայկական հողերը, Թուրքիոյ արեւելքին մէջ լազիստանը, Միջերկրականի ափերուն եւ Թրակիոյ մէջ նախկին յունական հողերը, ներառեալ՝ Պոլիսը։ Արտաքին ուժերուն համար, Էրտողանի փանթուրանական վարչակարգին դէմ անջատողականութիւն հրահրելու բազմաթիւ առիթներ կան: Թուրքիան Էրտողանի նման ուժեղ անձնաւորութեան մը իշխանութեան տակ գտնուող միացեալ թրքական հանրապետութիւն մը չէ, այլ՝ ազգային եւ կրօնական հաւաքականութիւններէ կազմուած տուն մը: Աթէնքէն, Երեւանէն, Մոսկուայէն, Պելկրատէն, Սքոփիէէն եւ Թեհրանէն ուժեղ հով մը բաւարար է արտասահմանի մէջ տեղակայուած փանթուրանական ուժերը վերադարձնելու տուն՝ դիմակայելու համար երկրին մէջ ազգային եւ կրօնական ազգայնականութեան զարթօնքը, որ աւելի՛ մեծ պիտի ըլլայ, քան՝ ներկայ քիւրտերու ազգայնականութիւնը»: