Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուի` հայերուն մասին ըրած վերջին ցեղապաշտական յայտարարութիւնը լայն քննարկման պատճառ դարձած է:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն (ԺԺԿ) ընտրուած Կարօ Փայլան ներքին գործոց, առողջապահութեան, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններու պիւտճէներու քննարկման ժամանակ վարչապետը խիստ քննադատութեան ենթարկած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.net-ը:
Փայլան ցոյց տուած է լուսանկար մը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս պատի մը վրայ գրուած է «հայ վիժուածքներ»: «Դժբախտաբար, սա միայն անվտանգութեան ուժերը չեն ընէր»,- նշած է ան: Պատգամաւորը յիշեցուցած է Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը, որ վարչապետը, քննադատելով ԺԺԿ-ն, ըսած էր. «Հայերու հրոսակախմբերուն նման կ՛երթան ռուսերու հետ համագործակցելու»: «Այսօր թուրքերը կը համագործակցին «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման հետ: Եթէ ես ըսեմ «թրքական հրոսակախումբ», ատիկա կ՛ըլլայ ցեղապաշտական արտայայտութիւն: Պարոն վարչապետը բացէ ի բաց ցեղապաշտական արտայայտութիւն ըրած է»,- նշած է Փայլան:
Ի պատասխան Փայլանի այս խօսքերուն` իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Նաճի Պոստանճըն պաշտպանած է Տաւութօղլուն` ըսելով, թէ «իրականութեան մէջ նոյն Փայլանը ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւն կ’ընէ»: