Վերջին շրջանին Թուրքիոյ ոսկերչական արտադրանքին վրայ Ռուսիոյ կողմէ կիրառուող բարձր մաքսատուրքերուն պատճառով դժուարացած է արտադրանքի արտահանումը Ռուսիա:
Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Hurriyet» թերթը կը նշէ` Իսթանպուլի յայտնի «Փակ շուկայ»-ի (Քափալըչարշը) ոսկերիչները արտադրութիւն կազմակերպելու համար հայեացքները ուղղած են դէպի Հայաստան եւ Իրան: Աղբիւրը կը նշէ, որ Իրանի նոր բացուած շուկային մէջ իրենց տեղը ունենալու համար Իսթանպուլի ոսկերիչները սկսած են մասնակցելու այդ երկրին մէջ կազմակերպուող ցուցահանդէսներուն ու քայլեր կը ձեռնարկեն այնտեղ համատեղ արտադրութիւններ սկսելու ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ ալ Իսթանպուլի «Քափալըչարշը»-ի եւ Քույումճուքենթ թաղամասին մէջ կեդրոնացուած ոսկերիչները Ռուսիոյ կողմէ սահմանուած 42 տոկոսանոց հարկէն խուսափելու նպատակով սկսած են քայլեր ձեռնարկելու Հայաստանի մէջ արտադրութիւն կազմակերպելու ուղղութեամբ: Կը նշուի, որ բազմաթիւ ոսկերիչներ, որոնց մեծամասնութիւնը հայկական ծագում ունի, կը նախընտրեն Հայաստանը, քանի որ այստեղ աշխատուժը համեմատաբար աւելի աժան է:
«Ոսկերիչները կ’երթան աւանդաբար բարձրակարգ ոսկերիչ ու արծաթագործ վարպետներով յայտնի այդ երկիրը, կը կազմակերպեն իրենց արտադրութիւնը եւ այնտեղէն ալ կ’արտահանեն Ռուսիա եւ յետխորհրդային տարածքի երկիրներ»,- կը գրէ թրքական թերթին կայքը`աւելցնելով, որ այդպիսով կը թեթեւնայ նաեւ ԵՏՄ երկիրներու ոսկերիչներու ծանրաբեռնուածութիւնը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ «Քափալըչարշը» այցելող զբօսաշրջիկներու թիւի զգալի անկում կը նկատուի, որուն պատճառներէն մէկն ալ շուկայի մէջ գործունէութիւն ծաւալող ոսկերիչներուն Հայաստան տեղափոխուիլն է: Ըստ կայքին` «Քափալըչարշը»-ի ամենայայտնի ոսկերչական սրահներէն 5-6-ը արդէն տեղափոխուած են Հայաստան ու այստեղ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:
«Պնդումներ կան, որ Հայաստանէն ոսկերչական արտադրանքը մաքսանենգ ճանապարհներով կ’անցնի Թուրքիա, ինչ որ հարկերու կորստի պատճառ կը դառնայ:
«Ոլորտի պատասխանատուները եւ տեղափոխուած ընկերութիւններուն տէրերը չեն ցանկար այս թեմայով խօսիլ: Հիմնական վախը Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող արգելքն է»,- կը գրէ թրքական աղբիւրը: