Թ.Մ.Մ. «Ընկերային յանձնախումբին» կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը

Գիտէ՞ք թէ երբ կը գործածուի «մեղուի նման աշխատեցան» ի փոխաբերական իմաստը:

Այդ բառի իմաստին ականատես եղանք երբ Թ.Մ.Միութեան  «Ընկերային յանձնախումբ» ը 20 Օգոստոս 2016-ին կազմակերպեց աննախընթաց ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը խուռներամ համակիրներու ներկայութեամբ եւ «Teeky boys» նուագախումբի (Band) ընկերակցութեամբ: Խումբին անդամները սիրողներ՝ Անժելիք Աւագեան (երգչուհին), Յարութիւն Արապաթըլեան (Drums), Մարիա Յակոբ (Guitar) եւ վերջապէս խումբին առաջնորդը՝ Ժանօ Արապաթըլեան (Base guitar) յաջողեցան խանդավառել ներկաները մինչեւ առաւօտեան առաջին ժամերը:

Խրախճանքը նախ սկսաւ զոյգ երիտասարդներու՝ Յակոբ Շոհմէլեանի եւ Ռիթա Հակկարի բացման խօսքերով. յայտնելով շնորհակալութիւն բոլորին, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերած էին կազմակերպողները:

Յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին պաստառի վրայ տեսասալիկներով ներկայացնելու անցեալ երկու բանակումները, որոնք բացառիկ յաջողութեամբ պատրաստած էր Անժէլա Փալանճեանը:

Որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն: Ահա այս պահուն էր, որ աւե’լի շեշտուեցաւ մեղուի աշխատանքը: Բոլորը երիտասարդներ, աշխոյժ ու միշտ ժպիտով, բացառիկ կանոնաւորութեամբ, մի քանի վայրկեանի մէջ, գոհացում տուին բոլոր պահանջներուն:

Ներկայացուեցաւ զաւեշտ մը պատրաստուած դարձեալ երիտասարդներուն ոյժերով, յանձինն՝ Արթիւր Մազլումեանի, Բերլայ Բուշմանեանի, Անթօ Թիւթիւնճեանի եւ Յակոբ Շոհմելեանի:

Տեղի ունեցաւ Bingo ի խաղը. վարձատրուեցան հաճելի նուէրներով:

Ներկաներու այս բարձր տրամադրութեան մէջ իր սրտի խօսքը ըրաւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Պրն. Աւետիս Պագգալեանը:

Ան արտայայտուեցաւ իր հրճուանքին մասին, թէ այսքան գեղեցիկ աշխատանք մը դուրս եկած է, նոր հաստատուած երիտասարդներու շնորհիւ, որոնք արդէն ընտելացած ներկայ միջավայրին, իրենք զիրենք հարազատներ կը համարեն Թ.Մ.Միութեան տաքուկ յարկէն ներս: Յուզական եւ իրատես էին Պրն. Պագգալեանի յայտարարութիւնները:

Այժմ առիթն էր, որ վայելէինք թովիչ ձայնը պրն. Գոգօ Թիւթիւնճեանի իր ազգային ու այլ մեներգներով:

Առանց անուշեղէնի կարե՞լի է կատարեալ համարել ճաշկերոյթ մը: Դարձեալ երիտասարդ կազմակերպող անդամներէն Մեղրիկ Գանձանակեանի պատրաստութեամբ հրամցուցին համեղ անուշեղէններ ներկաներուն, մանաւանդ գեղեցիկ գաղափարը ունենալով Ճոնի Քարամանեանի եւ Անժէլիք Աւագեանի տարեդարձները յիշելով:

Վերջապէս բաժանումը դժուար պիտի ըլլար: Մեկնեցանք հետերնիս տանելով հպարտութեան զգացումը՝ երիտասարդներուն իրագործած յաջողութեան:

Իսկ իրենք իրենց կարգին, վստահաբար տարած էին գոհացումն ու հրճուանքը, կարծես մեզի ըսելու համար, թէ, – մի’ մտահոգուի’ք, մենք պիտի շարունակենք ձե’ր ճամբան… մե’ր ճամբան:

Վարձքը կատա’ր Ընկերային յանձնախումբի բոլոր կազմին, իրենց հաւատարիմ շրջապատին, բոլոր մասնակցողներուն, ինչպէս նաեւ Թ.Մ.Միութեան՝ իր առաքելութեան համար:

Ներկայ մը