Ինչո՞ւ Արա Կիւլեր չեղեալ յայտարարած է իր արխիւին վաճառքը

Այս օրերուն տարբեր լուրեր հրապարակուեցան պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի արխիւներուն մասին. արդարեւ, սկիզբը նշուեցաւ, որ Արա Կիւլեր Էրտողանի ընկերոջ պատկանող «Տողուշ» ընկերութեան հետ կնքած է պայմանագիր, որուն համաձայն՝ լուսանկարիչին ամբողջ ժառանգութիւնը պիտի տրուի ընկերութեան, որ նաեւ իրաւունք պիտի ունենայ տնօրինելու այն շէնքը, ուր կը գործէ Կիւլերի հիմնած «Արա» սրճարանը:

Աւելի ուշ մամուլը հաղորդեց, որ լուսանկարիչը չեղեալ յայտարարած է այդ համաձայնագիրը՝ նշելով, որ Թուրքիոյ կառավարութեան մօտիկ եղող «Տողուշ» ընկերութիւնը այլեւս իրաւասու չէ տնօրինելու Կիւլերի արխիւին եւ համաձայնագիրով նախատեսուած գոյքին:

Վերջին լուրի հրապարակումէն ետք թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ այս մասին տարբեր քննարկումներ կատարուեցան: Մասնաւորապէս նշուեցաւ, որ Արա Կիւլեր գոհացուցիչ չէ նկատած այն պայմանները, որոնք առաջարկուած են 3 միլիոն տոլար արժող լուսանկարչական հազուագիւտ արխիւին, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ հնագոյն շէնքերէն մէկուն կառավարումը ստանձնելու համար, մանաւանդ որ անիկա բազմաթիւ օտարներու, զբօսաշրջիկներու, արուեստագէտներու, քաղաքական գործիչներու համախմբման վայր է: Շատեր «Արա» սրճարան կ՛այցելեն հաղորդուելու իր օրուան մեծ մասը հոն անցընող լուսանկարիչին հետ։ Այս բոլորին համար Կիւլեր պիտի ստանար 17 հազար տոլար։

Լուսանկարիչին մօտիկներ յայտնած են, որ Կիւլեր անձամբ դժգոհ եղած է համաձայնագիրէն եւ օրէնքով սահմանուած ժամանակուան ընթացքին չեղեալ յայտարարած է զայն։

Խօսակցութիւն կայ նաեւ այն մասին, որ Արա Կիւլեր տակաւին չէ հրաժարած իր լուսանկարչական արխիւը Հայաստանին նուիրելու փափաքէն։ Տարիներ առաջ կարգ մը գործիչներ անոր խոստացած են Երեւանի մէջ հիմնել լուսանկարչութեան միջազգային թանգարան եւ Կիւլերին արխիւը փոխադրել հոն, սակայն խոստումները չեն յարգուած։

Թրքական որոշ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներ ալ, իբրեւ պատճառ, շրջանառութեան մէջ դրած են այն տարբերակը, թէ Թուրքիոյ մէջ տիրող հոգեբանական ծանր վիճակին պատճառով լուսանկարիչը որոշած է իր արխիւը չյանձնել «Տողուշ»-ին, որուն տէրը Էրտողանի մտերիմն է։