Իսրայէլցի զբօսաշրջային գործարկուներ կը ծանօթանան Հայաստանին

Եռօրեայ ճանաչողական այցով Հայաստան ժամանած են 17 զբօսաշրջային  գործարկուներ (operator) Իսրայէլէն: ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հաղորդմամբ: Ուրբաթ՝ 2 Յունիսին, անոնք հանդիպած են հայաստանեան զբօսաշրջային  գործարկուներու  հետ:  Հանդիպման ներկայ գտնուած է Հայաստանի մէջ Իսրայէլի պատուաւոր հիւպատոս Աշոտ Շախմուրադեան:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան  Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ  Զարմինէ  Զեյթունցեան կարեւոր համարած է Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ զբօսաշրջութեան  ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը:

«Կը գտնենք, որ  երկու երկիրներու միջեւ  զբօսաշրջային այցելութիւններու աշխուժացումը բացի տնտեսական նշանակութենէն  ունի նաեւ երկու ժողովուրդներու միջեւ միջ մշակութային երկխօսութեան, ժողովուրդներու  բարեկամութեան ամրապնդման եւ  զարգացման  նշանակութիւն»,-ըսած է ան:

Հանդիպման  ընթացքին  քննարկուած են Հայաստանի եւ Իսրայէլի  միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառի մէջ յետագայ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղուած հարցեր: Կողմերը փոխանակուած են անհրաժեշտ  տեղեկութիւններով` յետագային համագործակցութիւնը առաւել աշխուժացնելու նպատակով:

17 զբօսաշրջային գործարկուներու այցը Հայաստան կազմակերպուած է «Արմենիա» օդանաւային ընկերութեան կողմէ: