Իրանի խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 2 հայ պատգամաւոր

Ուրբաթ՝ 26 Փետրուար 2016-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ կայացած 10-րդ գումարման Մէճլիսի ընտրութիւններուն մասնակցող իրանահայ 4 թեկնածուներէն ընտրուած են երկուքը` Կարէն Խանլարեանն ու Ժորժ Աբրահամեանը:

Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին ըսած է ընտրուած Կարէն Խանլարեանը:

Պատգամաւորին խօսքով` հայ համայնքը աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է կատարուած ընտրութիւններուն:

«Ես շատ գոհ եմ խորհրդարանական ընտրութիւններից, արդիւնքն իմ կարծիքով շատ լաւն է»,- ըսած է Կարէն Խանլարեանը:

Աւարտին յիշենք, որ Իրանի մէջ Փետրուար 26-ին կայացած խորհրդարանի (Մէճլիս) եւ Փորձագէտներու խորհուրդի ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներուն 58 տոկոսէն աւելին, կամ մօտ 33 միլիոն մարդ: