Իրանական «Սաներջի» (Sanergy) ընկերութիւնը մինչեւ 2016-ի աւարտը կազով պիտի ապահովէ Հայաստանի սահմանամերձ քաղաքները: Համապատասխան որոշումը ընդունուած է Կառավարութեան Մարտ 31-ի նիստին:
Իրանի աջակցութեամբ իրականացուող Հայաստանի` Իրանի հետ սահմանամերձ բնակավայրերու կազի բաշխման ցանցի կառուցման դրամաշնորհային ծրագրի իրականացման գլխաւոր կապալառու իրանական «Սաներջի» ընկերութեան թուլտուութիւն տրուած է` ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան եւ ընկերութեան միջեւ 2011-ի Դեկտեմբեր 26-ին կնքուած յուշագրի ծիրէն ներս:
Իրանի կառավարութիւնը համաձայնած է յուշագրի ծիրէն ներս որպէս դրամաշնորհ տրամադրել երկու միլիոն տոլար, Մեղրի եւ Ագարակ համայնքներու կազի բաշխման ցանցի կառուցման ծրագրի իրականացման համար: Ատոր համաձայն` հայկական կողմը իր վրայ վերցուցած է յուշագրի ծիրէն ներս տրամադրուող միջոցներու հաշուին ապրանքներու մատակարարման, ծառայութիւններու մատուցման եւ ապրանքներու ներմուծման գործարքներէն գանձուող հարկերու, մաքսատուրքերու եւ այլ պարտադիր վճարներու հետ կապուած ծախսերը:
2013-ին աւարտած են նախագծման աշխատանքները եւ սկսած են համապատասխան սարքերու, սարքաւորումներու ու նիւթերու մատակարարումները: Սակայն շինարարական աշխատանքները չեն մեկնարկած` պայմանաւորուած Իրանի կողմէ ծրագրի ֆինանսաւորման կասեցումով: 2015-ի Հոկտեմբեր ամիսէն իրանական կողմը վերսկսած է ծրագրի ֆինանսաւորումը եւ ծրագրի գլխաւոր կապալառու «Սաներջի» ընկերութեան կողմէ շարունակուած եւ աւարտած են Իրանէն համապատասխան սարքերու, սարքաւորումներու եւ նիւթերու մատակարարումները:
Աշխատանքներու իրականացման ժամանակացոյցին համաձայն, շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին 2016-ի սկիզբը, աւարտը` 6-7 ամսուայ ընթացքին: